Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ. Կիներու նկատմամբ բռնութիւնը Աստուծոյ դէմ հայհոյանք է

Մինչ կը նշուի Կանանց նկատմամբ բռնութեան վերացման միջազգային օրը, Ֆրանչիսկոս Պապը կը յիշեցնէ որ մեր մարդկայնութեան մակարդակը կը չափուի մեր կանանց նկատմամբ վերաբերմունքի հիման վրայ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կանանց նկատմամբ բռնութեան վերացման դէմ պայքարի միջազգային օրը ամէն տարի՝ 1981 թուականէն սկսեալ, կը նշուի նոյեմբերի 25-ին: Ամսաթիւը ընտրուած է ի պատիւ Միրապալ քոյրերու՝ Տոմինիքեան Հանրապետութեան երեք քաղաքական գործօն անձերու, որոնք դաժանաբար սպաննուեցան 1960 թուականին երկրի կառավարիչ` Ռաֆայէլ Դրուխիլիոյի հրամանով:

Յիշատակի օրուան նպատակն է համայն աշխարհին մէջ օգնել կանխարգիլելու և վերացնելու կանանց և աղջիկներու նկատմամբ բռնութիւնը, եւ կոչ է ընդհանուր գործողութիւններ ձեռնարկելու՝ բարձրացնելու իրազեկութիւնը, խթանելու քարոզչութիւնը և մարտահրաւէրներու և լուծումներու շուրջ քննարկումներու հնարաւորութիւններ ստեղծելու համար: Մինչդեռ ՄԱԿ-ի վիճակագրութիւնը ցոյց կու տայ, որ իւրաքանչիւր 11 վայրկեանի մէջ կին մը կամ աղջիկ մը կը սպաննուի սեփական ընտանիքի անդամներու մէկուն կողմէն։

COVID-19  համավարակի բռնկումէն ի վեր, ի յայտ եկող տուեալները և հաշուետուութիւնները ցոյց տուին, որ կանանց և աղջիկներու նկատմամբ բռնութեան բոլոր տեսակները, յատկապէս ընտանեկան բռնութիւնը աճ արձանագրած է։

Ֆրանչիսկոս Պապը իր Քահանայապետութեան սկիզբէն ի վեր բազմիցս արձագանգած է կանանց յարգանքի կարևորութեան մասին, ընդգծելով, որ կնոջ կամ անոր մարմնի հանդէպ վատ վերաբերմունքը «հայհոյանք է Աստծոյ» և Ան աղօթք ապահովեցուցած է բոլոր այն կանանց համար, որոնք ենթարկուած են շահագործման և բռնութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/11/2022, 08:52