Որոնել

«Ուրախութիւնը» հատորը «Ուրախութիւնը» հատորը 

Ուրախութեան նիւթին վերաբերեալ Քահանայապետին միջամտութիւնները մէկ հատորի մէջ։

Հատորին նախաբանը կը կրէ Գերապայծառ Տարիօ Էտուարտօ Վիկանոյի ստորագրութիւնը, որուն մէջ Ան կը բացատրէ քրիստոնեաներուն իւրայատուկ այդ վերաբերմունքին իմաստը` նշելով թէ անիկայ «պարզ լաւատեսութիւն մը չէ, այլ կարողութիւնը` պատմութիւնը դիտելու Աստուծոյ աչքերով»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Տասը տարուայ Քահանայապետութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը յաճախ խօսեցաւ ուրախութեան մասին եւ այժմ լոյս կը տեսնէ այդ նիւթի մասին Անոր միջամտութիւնները ամփոփող «Ուրախութիւնը» խորագիրով հատոր մը, որուն նախաբանը կը կրէ Գերապայծառ Տարիօ Էտուարտօ Վիկանոյի ստորագրութիւնը, որուն մէջ ան կը բացատրէ քրիստոնեաներուն իւրայատուկ այդ վերաբերմունքին իմաստը` նշելով, թէ անիկայ «պարզ լաւատեսութիւն մը չէ, այլ կարողութիւնը` պատմութիւնը դիտելու Աստուծոյ աչքերով»։

Գիրգը հրապարակուած է Իտալական «Elledici» եւ Վատիկանի Հրատարակչատուներուն կողմէ։

«Ուրախութիւն» հատորը կ՛ամփոփէ ուրախութեան մասին Քահանայապետին զանազան միջամտութիւնները, քաղուած անոր յորդորագիրներէն, քարոզներէն, ճառերէն, ու պատգամներէն, նպատակ ունենալով ընթերցողին ներկայացնել առիթը` անձնական ուղեւորութիւն մը սկսելու համար։

«Ասիկա առաջին էջէն մինչև վերջինը կարդացուելիք գիրք մը չէ, բայց կարելի է զայն կարդալ անկարգ ձևով», - կը բացատրէ Գերապայծառ Վիկանոն նախաբանին մէջ, աւելցնելով, որ «գոռգոռացող խօսքերու, սարսափելի լուրերու ու մահերու այս պահին, այդ հատածները թոյլ կու տան լայնեցնել սիրտը, բարձրացնել հայեացքը և կրկին իւրացնել հաւատացեալներու փորձառութիւնը»:

Ասկէ մեկնելով Ան կը հաստատէ թէ «Եկեղեցին փորձառութիւնն է ժողովուրդի մը, որ կ՛ապրի ուրախութիւնը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/11/2022, 13:37