Որոնել

Յանցագործութեան դէմ պայքարի կենտրոնական վարչութեան անդամները Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ Յանցագործութեան դէմ պայքարի կենտրոնական վարչութեան անդամները Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ 

Յանցագործութեան դէմ պայքարի կենտրոնական վարչութեան անդամները Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ։

Անոնց այս առթիւ ուղղած ճառին մէջ Ան ուրախութիւն յայտնեց հանդիպումին համար, որ կը զուգադիպի «կիներու դէմ բռնութեան վերացումի միջազգային օրուան յաջորդ օրը» ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով օրուան թեմային ու կոչին` իրար միանալու կիներն ու փոքրահասակ աղջիկները ազատելու բռնութեան բոլոր ձեւերէն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 26 նոյեմբերի առաւօտուն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատէն ներս ընդունեց Իտալիոյ յանցագործութեան դէմ պայքարի կենտրոնական վարչութեան անդամները։

Կիներու դէմ բռնութեան վերացումի միջազգային օր

Անոնց այս առթիւ ուղղած ճառին մէջ Ան ուրախութիւն յայտնեց հանդիպումին համար, որ կը զուգադիպի «կիներու դէմ բռնութեան վերացումի միջազգային օրուան յաջորդ օրը» ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով օրուան թեմային ու կոչին` իրար միանալու կիներն ու փոքրահասակ աղջիկները ազատելու բռնութեան բոլոր ձեւերէն։

Սրբազան Պապը առ այդ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց կատարած աշխատանքին համար ի նպաստ նաեւ իտալական ընկերութեան, ակնարկելով առօրեայ լուրերուն որոնք «ցաւօք մեզի անընդհատ կը հաղորդեն կանանց և աղջիկներու նկատմամբ բռնութեան մասին լուրեր» յարեց Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով, թէ իրենք «պաշտօնական յենակէտ են այս ցաւալի իրականութիւնը դիմակայելու համար»:

Քահանայապետը մատնանշեց հուսկ վարչութեան կին անդամներուն, որոնք, ըսաւ Ան, մեծ կենսամիջոց մըն են, որոնք «կ՛օգնեն այլ կիներ ու կարող են աւելի լաւ հասկնալ զանոնք, ունկնդրել ու թիկունք կանգնիլ», ըլլայ հոգեբանական ըլլայ նաեւ հոգեւորական գետնի վրայ, ընդգծեց Նորին Սրբութիւնը։

Յանցագործութեան դէմ պայքարի կենտրոնական վարչութեան անդամները Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ։
Յանցագործութեան դէմ պայքարի կենտրոնական վարչութեան անդամները Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ։

Կիները առանձին չթողուլ

Ան ապա մատնանշեց շատ մը կիներուն, որոնք յաճախ ստիպուած են առանձին դիմագրաւել բռնութեան կացութիւնները եւ երբ հարցը երեւան գայ չեն կարող արդարութիւն ունենալ... այս ուղղութեամբ առաջարկելով բարեկարգումներ։

«Պետութիւնը պէտք է երաշխաւոր ըլլայ, որպէսզի տուժողը կարողանայ հնարաւորինս շուտ հասնիլ արդարութեան»։ Ճիշտ այնպէս, ինչպէս անհրաժեշտ է, որ կիները ապահով ըլլան ընթացիկ սպառնալիքներէն և նաև կրկնողութիւններէն, որոնք, «ցաւօք, յաճախակի են նոյնիսկ հնարաւոր պատիժէն ետքը» նկատել տուաւ Սրբազան Պապը, որ ապա հաստատեց, թէ «կիներու դէմ բռնութիւնները վերացնելու պայքարը ձեռք բերելու համար, պէտք է միանալ, միասին համագործակցիլ ու ցանց կազմել» ու նաեւ փորձել «վերացնել սոցիալական արհաւիրքը, որ նաև կապուած է մշակութային վերաբերմունքի, մտածելակերպի և խորքին մէջ արմատացած նախապաշարումներու հետ»:

Յանցագործութեան դէմ պայքարի կենտրոնական վարչութեան անդամները Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ։
Յանցագործութեան դէմ պայքարի կենտրոնական վարչութեան անդամները Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ։

Կրթութիւնը եւ լրատուամիջոցներու դերակատարութիւնը

Ասկէ մեկնլով Սրբազան Քահանայապետը որպէս բանալի բառ նեկայացուց «կրթութիւնը» որուն ծիրէն ներս ընտանիքը պէտք չէ առանձին լքել։

«Եթէ​​ տնտեսական և սոցիալական ճգնաժամի հետևանքները ծանր են ընտանիքներուն վրայ, և անոնք համարժէք աջակցութիւն չստանան, մենք չենք կրնար զարմանալ, եթէ այնտեղ, կենցաղային միջավայրին մէջ, որոշակի լարուածութիւններ կը հրահրուին» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը, որ որպէս այլ մէկ որոշիչ երեւոյթ նկատեց «ԶԼՄ»ներու գործունէութիւնը եւ անոնց առաջարկած յաճախ սխալ պատգամներն ու «տիպարները», որոնք կը հնազանդին «յաջողութեան, ինքնահաստատման, մրցակցութեան, ուրիշները գրաւելու և անոնց վրայ տիրելու» ուժին։

Մարդն ու անոր արժանապատութիւնը` կեդրոն

«Մշակութային պայմանաւորուածութեան այս տեսակը կը հակադրուի կրթական գործողութեան, որուն համար կեդրոնը մարդն է եւ անոր արժանապատուութիւնը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով մեր ժամանակներու սրբուհի՝ Սուրբ Ճուզեփփինա Պախիթային եւ անոր անունով եկեղեցական հիմնարկին, որ կը գործէ պաշտպանելու համար մարդավաճառութեան զոհերը։

Յանցագործութեան դէմ պայքարի կենտրոնական վարչութեան անդամները Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ։
Յանցագործութեան դէմ պայքարի կենտրոնական վարչութեան անդամները Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ։

Սրբուհի Պախիթան

«Ան եւս մանկութեան ու երիտասարդութեան տարիներուն թիրախ դարձաւ բռնութիւններուն եւ կարողացաւ յաղթահարել զանոնք ընկալելով Աստուծոյ սիրոյ Աւետարանը եւ դառնալով անոր ազատագրող եւ բուժիչ ուժին վկան» յարեց Սրբազան Պապը ակնարկելով նաեւ շատ մը այլ կիներուն, որոնք անոր նման ամէն օր կը պայքարին եւ որոնք բուժում ստացան Քրիստոսի քնքշութեան եւ ողորմութեան շնորհիւ եւ իրենց կեանքով կը վկայեն, թէ պէտք չէ երբեք վհատիլ ու թէ քոյրերու եւ եղբայրներու սէրը, մօտիկութիւնը եւ զօրակցութիւնը կարող է փրկել ստրկութենէն։

Քահանայապետին վերջին առաջարկը եղաւ երիտասարդ երուն ներկայացնել այդ կիներուն վկայութիւնները, որպէս տիպար ապա խօսքը աւարտեց բոլոր ներկաներուն մաղթելով բարի աշխատանք ու հայցելով անոնց համար Սուրբ Կոյս Մարիամին եւ Սրբուհի Պախիթայի բարեխօսութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/11/2022, 10:26