Որոնել

Վերոնա քաղաքին մէջ ընկերային վարդապետութեան նուիրուած փառատօն Վերոնա քաղաքին մէջ ընկերային վարդապետութեան նուիրուած փառատօն 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Կ՝ապրինք խաւար տեսարանի մէջ, որ կը պահանջէ վերականգնողական աշխատանք»։

Վերոնա քաղաքին մէջ բացումը կատարուեցաւ եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան նուիրուած 12-րդ փառատօնին, «կառուցել վստահութիւնը։ Հանդիպումի սէրը» բնաբանով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 24 նոյեմբերին, Իտալիոյ Վերոնա քաղաքին մէջ բացումը կատարուեցաւ եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան նուիրուած 12-րդ փառատօնին, «կառուցել վստահութիւնը։ Հանդիպումի սէրը» բնաբանով։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատկերասփռուած պատգամով մը ողջունեց տօնակատարութեան մասնակիցները հրաւիրելով խթանել վստահութեան հանդիպումը, որ պատերազմի տրամաբանութենէն դուրս գալու ճանապարհ է, պատերազմ, որ ուրիշը կը տեսնէ որպէս թշնամի, վտանգաւոր եւ բռնատէր։

Կառուցելու հրամայականը պատերազմով բնորոշուած ժամանակի մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով փառատօնի բնաբանին նշեց, որ ընդհանուր բարիքը պարզապէս կարելիութիւն մը չէ, այլ շաղախին վրայ արդար, բարի եւ գեղեցիկ ընկերութիւն մը կառուցել է։

«Կ՝ապրինք մեծ պատերազմներով բնորոշուած եղանակի մը մէջ, որ կարծես կը ժխտէ ուրիշներուն հանդէպ վստահութեան վերաբերմունքը՝ ապահովութեան եւ անվտանգութեան զգացումով։ Մտածենք շատ մը պատերազմներու, անմեղ զոհերուն, մանուկներու մերժուած ապագային մասին». Ըսաւ Սրբազան հայրը աւելցնելով, որ կ՝ապրինք մռայլ տեսարանի մը մէջ, որ կը պահանջէ վճռական միջամտութիւն վերականգնողական աշխատանքով։

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ որ չէ կարելի անտեսել ծրագրաւորումը եւ վստահիլ պատահականութեան։

«Ծրագրաւորումը կը ներկայացնէ կարողութիւնը գաղափարները կարգի դնելու՝ ծրագիրներուն մէջ, յարգելով ժամանակը որպէսզի ամէն բան իրականացուի։ միայն այսպէս իրականացուած շինարարութիւն մը կարող է դիմակայել պատմութեան ալիքներուն։ Եւ վստահութեան ծանուցագիրը պիտի ներկայացնէ անհրաժեշտ թելադրանքը ամբողջ կառոյցը հաստատ պահելու համար», ըսաւ Սրբազան Հայրը, Ան ապա պատգամը եզրափակեց նկատել տալով, որ հանդիպումը վստահութեան եւ սիրոյ հիմքն է, այն կայծը, որ կը ջերմացնէ սիրտերը եւ բանալ կու տայ ձեռքերը ուրիշներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ աւարտեց հրաւիրելով զարգացնել եւ սնուցանել՝ իւրաքանչիւր անձ իր կարողութեան համաձայն եսասիրութիւնը վերածելու եղբայրութեան, անտարբերութիւնը սիրոյ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/11/2022, 10:22