Որոնել

 Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը Ուքրանիոյ ժողովուրդին` «Ձեր ցաւը իմ ցաւն է»։

Ես պիտի ուզեմ իմ արցունքներս միացնել ձեր արցունքներուն և ըսել, որ չկայ օր մը, որ ես ձեզի մօտ չըլլամ և չի կրեմ ձեզ իմ սրտիս և իմ աղօթքներուս մէջ: Ձեր ցաւը իմ ցաւն է։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 25 նոյեմբեր 2022ին լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Պապին 24 նոյեմբեր թուակիր նամակ մը, ուղղուած Ուքրանիոյ ժողովուրդին պատերազմի սկիզբի ինը ամիսներուն առիթով։

Նամակին սկիզբը Սրբազան Պապը կ՛անդրադառնայ ինը ամիսէ ի վեր տիրող խելագար պատերազմի արհաւիրքներուն։

«Ձեր երկնքին մէջ անդադար կը հնչեն պայթիւններու մռնչիւնը և ազդանշաններու անհանգստացնող ձայնը: Ձեր քաղաքները ռմբակոծուած են, մինչդեռ հրթիռներու հեղեղները կը յառաջացնեն մահ, աւերներ ու ցաւ, սով, ծարաւ և ցուրտ: Ձեր փողոցներուն մէջ շատերը ստիպուած են փախչիլ՝ իրենց ետին թողելով տուներն ու սիրելիները» կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը նամակին նշելով նաեւ, որ «Ձեր մեծ գետերու կողքին ամէն օր արեան ու արցունքներու գետեր կը հոսին»։

Կ՛ուզեմ իմ արցունքներս միացնել ձեր արցունքներուն

«Ես պիտի ուզեմ իմ արցունքներս միացնել ձեր արցունքներուն հետ և ըսել, որ չկայ օր մը, որ ես ձեզի մօտ չըլլամ և չի կրեմ ձեզ իմ սրտիս և իմ աղօթքներուս մէջ: Ձեր ցաւը իմ ցաւն է» կը հաստատէ Սրբազան Պապը նշելով, թէ ինք այսօր Յիսուսի խաչին մէջ կը տեսնէ ուքրանացի ժողովուրդը, որ կը տառապի` «այդ սանձազերծուած յարձակումի սարսափի պատճառով»։

«Ինչո՞ւ

Քահանայապետը ապա կը մատնանշէ` յայտնաբերուած դիակներուն, զանգուածային գերեզմաններուն, ու մեր հոգիներուն մէջ յայտնուած շատ այլ արիւնոտ պատկերներուն, որոնք «աղաղակ կը բարձրացնեն հարց տալով. «Ինչո՞ւ: Ինչպէ՞ս կարող են մարդիկ նման կերպով վարուիլ այլ մարդկանց հետ»:

Պարտուած մարդկութիւնը

«Ես ձեր հետ կու լամ իւրաքանչիւր մանուկի համար, որ պատերազմի պատճառաւ կորսնցուց իր կեանքը...անոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ համայն մարդկութիւնն է, որ պարտուեցաւ» կը շարունակէ Նորին Սրբութիւնը մտաբերելով ուքրանացի մայրերու ահռելի ցաւն ու տառապանքը։

Երիտասարդներ, հարսեր, տարեցներ

Ան ապա կ՛ակնարկէ երիտասարդներուն` որոնք, «քաջութեամբ պաշտպանելու համար իրենց հայրենիքը իրենց ձեռքերուն մէջ առին զէնքեր փոխան ապագայի համար մշակուած երազներ».... «կը մտածեմ ձեզի հարսեր, որ կորսնցուցիք ձեր ամուսինները եւ խածնելով շուրթերը կը շարունակէք լռութեան մէջ, վճռակամ եւ արժանապատւութեամբ, յանձն առնել բոլոր զոհողութիւնները ձեր զաւակներուն համար։ Եւ ձեզի, մեծահասակներ, որ ամէն կերպով կը փորձէք պաշտպանել ձեր սիրելիները» կը գրէ միշտ Սրբազան Պապը նամակին մէջ, մտաբերելով նաեւ տարեցները, որոնք փոխանակ իրենց կեանքին վերջին հանգրուանը ապրելու անդորրութեամբ, նետուած են «պատերազմի մութ գիշերուան մէջ»։

Կիները, կամաւորները, Հովիւները, տեղահանները

«Եւ ձեզի կիներ` որ թիրախ եղաք բռնութիւններուն, վիրաւոր հոգիով ու մարմնով, ձեզի կը մտածեմ եւ ձեզի մօտիկ եմ սիրով եւ հիացումով» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Ան ապա յատուկէն կը յիշէ բոլոր կամաւորները, որոնք ամէն օր կը զոհուին բնակչութեան համար, ու կը յիշէ նաեւ Աստուծոյ սուրբ ժողովուրդին Հովիւները, որոնք մօտիկ մնացին իրենց յանձնուած հաւատացեալներուն, անոնց տանելով մխիթարութիւն եւ օգնութիւն, ապա գաղթականներն ու ներքին տեղահանները, որոնք հեռու են իրենց օճախներէն։

Իշխանութիւններուն համար աղօթք

Քահանայապետը չի մոռնար նաեւ Իշխանութիւնները, «որոնց համար կ՜աղօթեմ» եւ որոնց պարտականութիւնն է «խաղաղութեան համար հեռատես որոշումներ կայացնել» կը յիշեցնէ Ան ակնարկելով նաեւ «Հոլոմոտորի» ցեղասպանութեան ինիսուն ամեակին ու նշելով, թէ ինք կը հիանայ ուքրանացիներուն եռանդին ի տես, որոնք նոյնիսկ ողբերգութեան մէջ մնացին «տառապող եւ աղօթող» ժողովուրդ մը, «լացող եւ պայքարող» ազգ մը, «դիմադրող եւ յուսացող» ժողովուրդ` «ազնիւ եւ մարտիրոս»։

Պատերազմին չվարժուինք

«Ես կը շարունակեմ ձեր մօտ ըլլալսրտով և աղօթքով, մարդասիրական հոգածութեամբ, որպէսզի դուք ձեզ առաջնորդուած զգաք, որպէսզի պատերազմին չվարժուինք, որպէսզի մինակ չմնաք այսօր և նաեւ վաղը, երբ գուցէ ձեր տառապանքները մոռանալու փորձութիւնը կը յառաջանայ» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը մաղթելով, որ «Եկեղեցւոյ սէրը եւ աղօթքին ուժը» ըլլան շոյանքներ անոնց համար։

Սուրբ Ծննդեան տօնն ու Աստուծմէ եկած լոյսը

Նամակի աւարտին Քահանայապետը կը յիշեցնէ, որ մի քանի շաբաթներէն Սուրբ Ծնունդ է և տառապանքի ճիչը աւելիով կը զգացուի։ Եւ ասկէ մեկնելով կ՛առաջարկէ իրեն հետ վերադառնալ Բեթղեհէմ, այն փորձանքին, որուն Սուրբ Ընտանիքը հանդիպեցաւ այդ գիշեր, որ «միայն ցուրտ ու մութ կը թուար»: «Սակայն լոյսը հասաւ, ոչ թէ մարդոցմէ, այլ Աստուծմէ, ոչ թէ երկրէն, այլ Երկինքէն», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը:

Ոչ մէկ բան անկարելի է Աստուծոյ

«Տիրամօր, որուն Անարատ Սրտին նուիրաբերեցի Ուկրանիան և Ռուսաստանը, Անոր Մայրական սրտին կը ներկայացնեմ ձեր տառապանքները և ձեր արցունքները, Անորմէ, որ Աստուած բերաւ աշխարհ, չի յոգնինք հայցելէ խաղաղութեան պարգեւը այն վստահութեամբ, որ ոչ մէկ բան անկարելի է Աստուծոյ», կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը, որ նամակը կ՛ եզրափակէ անոնց վրայ հայցելով Տիրոջ օրհնութիւնը եւ Աստուածամօր հովանին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/11/2022, 08:00