Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ միջազգային աստուածաբանական յանձնաժողովի անդամները Ֆրանչիսկոս Պապ եւ միջազգային աստուածաբանական յանձնաժողովի անդամները 

«Յառաջ գացէք աւանդութիւնը յետամնացութիւն չէ» Ֆրանչիսկոս Պապ աստուածաբաններուն

Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց միջազգային աստուածաբանական յանձնաժողովի անդամները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 24 նոյեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց միջազգային աստուածաբանական յանձնաժողովի անդամները։

Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց միջազգային աստուածաբանական յանձնաժողովի գործունէութեան համար՝ վերջին տասներորդ հնգամեայ շրջանին։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա իր ուրախութիւնը յայտնեց նաեւ յանձնաժողովի կողմէ ընկալուած աստուածաբանական հետեւեալ երեք նիւթերուն ուսումնասիրութեան գործունէութեան համար.

Առաջինը՝անփոխարինելի այժմէականութիւնը եւ միշտ բեղուն քրիստոսադաւանութեան հաւատքը դաւանուած Նիկիոյ տիեզերական ժողովի կողմէ, անոր տօնակատարութեան 1700 ամեակին առթիւ։ (325-2025)։

Երկրորդ, այսօր ի յայտ եկած եւ մարդկային ընտանիքին ուղեւորութեան համար մարդաբանական կարգ մը հարցերու քննարկումը՝ Աստուածային փրկութեան ծրագիրի լոյսի ներքոյ։

Երրորդ՝արարչագործութեան աստուածաբանութիւնը՝ երրորդութեան տեսանկիւնէն, լսելով աղքատներուն եւ երկրի աղաղակը։

«Անդրադառնալով այս նիւթերուն, միջազգային աստուածաբանական յանձնաժողովը կը շարունակէ իր ծառայութիւնը նոր յանձնառութեամբ» ըսաւ Սրբազան Հայրը,Ան ապա յանձնարարեց երեք ուղեցոյցներ աստուածաբանական յանձնաժողովի ուղեւորութեան համար։

Առաջինը աւանդութեան ստեղծագործական հաւատարմութիւնը անսալով Աստուծոյ խօսքին, Աստուծոյ ժողովուրդի, կաթողիկէ վարդապետութեան խօսքի
։Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց, որ աւանդութիւնը Եկեղեցին կ՝աճեցնէ վարէն դէպի վեր ինչպէս ծառը, արմատները ։

Երկրորդ ուղեցոյցը կը վերաբերի հնարաւորութեան, որպէսզի յստակօրէն կատարուի աւետարանը խորացնելու եւ մշակութանացնելու աշխատանքը ու խոհեմութեամբ բացուելու տարբեր կրթութիւններուն՝ շնորհիւ մասնագէտներու ուսումնասիրութիւններուն, նաեւ ոչ կաթողիկէներուն, ինչպէս նախատեսուած է յանձնաժողովին կանոնադրութեան մէջ։ (տե՛ս թիվ 10):

Երրորդ ուղեցոյցը՝ հաւաքականութիւն, միասնութիւն։ Սա յատուկ ուշադրութիւն կը ստանայ ու որոշակի ներդրում կը շնորհէ 2021-2024 սինոդական ուղեւորութեան շրջանակէն ներս, ուր ամբողջ ժողովուրդը կանչուած է ։

Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթեց, որ փոխադարձ լսելու, երկխօսութեան եւ հասարակաց զատորոշումի հոգիով, Սուրբ հոգիին ձայնին բաց գտնուելով՝ բեղուն եւ արգասաբեր աշխատանք յայտնելով, որ աստուածաբանական միջազգային յանձնաժողովին յանձնուած նիւթերը յոյժ կարեւորութիւն ունին Աւետարանի հռչակման համար ,այս ժամանակահատուածին մէջ, որ Տէրը կը կանչէ ապրելու իբրեւ եկեղեցի Քրիստոսի մէջ տիեզերական եղբայրութեան ծառայութեան ի սպաս։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով աստուածաբանական յանձնաժողովին մատուցած թանկարժէք ծառայութեան համար, խնդրելով բազմացնել աստուածաբան կանանց թիւը, ապա օրհնելէ ետք ներկաները խնդրեց, որ աղօթեն իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/11/2022, 12:03