Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ ընդհանուր մեծաւորներու միութեան անդամները։ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ ընդհանուր մեծաւորներու միութեան անդամները։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց ընդհանուր մեծաւորներու միութեան անդամները

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդհանուր մեծաւորներու միութեան անդամներուն յանձնաց գրաւոր պատգամին մէջ անդրադաձաւ Fratelli tutti փաստաթուղթին լոյսին ներքո միութեան յ գումարած ժողովին նիւթին «կանչուած խաղաղութեան արհեստաւորները ըլլալու»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 26 նոյեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց ընդհանուր մեծաւորներու միութեան անդամները, որոնց ընկերացած էր, կրօնաւորական կեանքի եւ առաքելական կեանքի ընկերութիւններուն հաստատութիւններուն գերատեսչութեան քարտուղար արքեպիսկոպոսը։

Այս առթիւ, ներկաներուն յանձնած գրաւոր ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով ընդհանուր մեծաւորներու միութեան, Fratelli tutti փաստաթուղթին լոյսին ներքոյ գումարած ժողովին նիւթին «կանչուած խաղաղութեան արհեստաւորները ըլլալու», նշեց թէ անիկա հրատապ կոչ մըն է, որ կը վերաբերի բոլորիս, յատուկէն կրօնաւոր անձերուն, խաղաղութեան արհեստաւորները դառնալու, այն խաղաղութիւն զոր Տէրը մեզի տուաւ եւ բոլորս եղբայրներ զգալ կու տայ։

Յիսուսի խաղաղութեան պարգեւը

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացնելով խաղաղութեան բառին իմաստին վրայ նշեց, որ Յիսուսի խաղաղութիւնը նախ եւ առաջ Անոր պարգեւն է, եղբայրսիրութեան պտուղը եւ դա երբեք մարդուն նուաճում չէ, ու այս պարգեւէն սկսեալ, «խաղաղութիւնը Աստուծոյ՝ սեփական անձի, արարչագործութեան , ուրիշներուն հետ յարաբերութիւններուն ներդաշնակ ամբողջութիւնն է» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով, որ խաղաղութիւնը նաեւ ողորմածութեան, ներումի Աստուծոյ բարութեան փորձառութիւն է, որ մեզի կարողութիւն կու տայ մեր կարգին ողորմածութիւն, ներում, գործել մերժելով բռնութեան եւ ճնշումի բոլոր ձեւերը։

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, որ խաղաղութիւն կերտելը, սիրով, համբերութեան, փորձառութեամբ եւ քաջութեամբ արհեստաւոր աշխատանք է, որովհետեւ անիկա գործընթաց մըն է, որ կ՝երկարի ժամանակի մէջ։

Սինոդականութիւնը կրօնաւորական կեանքի յատկութիւնը

Նորին Սրբութիւնը ապա խաղաղութեան նիւթին ծիրէն ներս անդրադարձաւ կրօնական կեանքի յատկանիշ սինոդականութեան, «գործընթաց որուն մէջ կանչուած ենք մաս կազմելու բոլորս որպէս Աստուծոյ սուրբ ժողովուրդի անդամները» ըսաւ սրբազան Հայրը մատնանշելով որ կրօնաւորական կեանքը իր բնութեան մէջ սինոդական է։ Ան ունի շատ մը կառոյցներ, որոնք կրնան նպաստել սինոդականութեան, ընդհանուր, տեղական ժողովները, եղբայրական եւ կանոնական այցելութիւնները, յանձնախումբերը ինչպէս նաեւ հաստատութիւններու պատկանող այլ կառոյցները։ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնելով, ոլոր անոնց որոնք կը նպաստեն սինոդականութեան գործընթացին։

Իշխանութեան ծառայութիւնը կրօնաւորական կեանքէն ներս

Նորին Սրբութիւնը ապա զրուցեց կրօնաւորական կեանքէն ներս իշխանութեան նիւթին մասին մաղթելով, որ իշխանութեան ծառայութիւնը կիրարկուի սինոդական ձեւով, յարգելով իր յատուկ իրաւունքը եւ իր նախատեսած միջամտութիւնները, խուսափելու համար՝ ըլլայ հեղինակութենէն, ըլլայ առանձնաշնորհութենէն, նպաստելով ունկնդրութեան, յարգանքի, երկխօսութեան, մասնակցութեան եւ բաժնեկցութեան միջավայրին, ըսաւ Սրբազան Հայրը նկատել տալով, որ կրօնաւորները, իրենց վկայութեամբ կարող են շատ բան նպաստել եկեղեցւոյ այս սինոդական գործընթացին մէջ, որուն մէջ կ՝ապրինք։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով սոյն հանդիպումի համար, խնդրելով կրօնաւորական կեանքի անդամներէն, որ իրենց ծառայութիւնը շարունակեն պտղաբեր ու պարզութեամբ եւ դառնան խաղաղութեան արհեստաւորներ։Հայցելով Տիրամօր հովանին, Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը, խնդրելով ինչպէս միշտ, որ աղօթեն իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/11/2022, 10:51