Որոնել

Քաթարի մէջ մոնտիալի խաղերը Քաթարի մէջ մոնտիալի խաղերը 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Պատերազմի տանջանքին մէջ թող Ֆութպոլի համաշխարհային խաղերը խաղաղութեան առիթ դառնան»։

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 23 նոյեմբերին, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ ուղղեց յիշելով Ինտոնեզիոյ մէջ արձանագրուած ուժգին երկրաշարժը, Ուկանտայի մէջ երանելի հռչակուած հայր Ճուզէփփէ Ամրոզոլին, Քաթարի մէջ ֆութպոլի համաշխարհային խաղերը, Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը,  1932ին տեղին ունեցած Հոլոտոմորիի ցեղասպանութիւնը, ի վերջոյ ձկնորսութեան համաշխարհային օրը։

Ինտոնեզիոյ մէջ արձանագրուած երկրաշարժը

ֆրանչիսկոս Պապ յիշելով Ինտոնեզիոյ մէջ Եաւա կղզիին մէջ արձանագրուած  ուժգին երկրաշարժը իր մօտիկութիւնը յայտնեց Ինտոնեզիոյ սիրելի ժողովուրդին ապահովուելով իր աղօթքը մեռեալներուն ու վիրաւորներուն համար։

Ուկանտայի մէջ Հայր Ճուզէփփէ Ամպրոզոլիին երանացումը

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ «անցեալ կիրակի օր Ուկանտայի Քալոնկօ քաղաքին մէջ երանելի հռչակուեցաւ քոմպոնիացի միսիոնար, քահանայ եւ բժիշկ հայր Ճուզէփփէ Ամպրոզոլին, որ ծնած է Քոմօ թեմէն ներս ու մահացած է 1987ին, Ուկանտային մէջ իր կեանքը նուիրելով հիւանդներուն, որոնց մէջ կը տեսնէր Քրիստոսին դէմքը», ըսաւ սրբազան Հայրը մաղթելով, որ երանելի Ճուզէփփէ Ամպրոզոլին արտակարգ վկայութիւնը օգնէ բոլորին արժանի դառնալու դուրս գացող եկեղեցւոյ, ապա հրաւիրեց հաւատացեալները ծափահարելու նոր երանելիին համար։

Քաթարի մէջ համաշխարհային ֆութպոլի խաղերը։

Ֆրանչիսկոս Պապ յայտնեց, թէ կը փափաքի ողջունել խաղցողները, երկրպագուները եւ հանդիսատեսները, որոնք տարբեր ցամաքամասերէն կը հետեւին Քաթարի մէջ կայացող ֆութպոլին համաշխարհային ախոյանական խաղերուն, մաղթելով որ այդ կարեւոր ձեռնարկը դառնայ հանդիպումի, ազգերու միջեւ համերաշխութեան առիթ, նպաստելով եղբայրութեան եւ ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան։

Աշխարհի մէջ խաղաղութիւն

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը խնդրեց աղօթել աշխարհի մէջ խաղաղութեան եւ պատերազմներու աւարտին համար, յատուկէն յիշելով Ուքրանիոյ մէջ տառապած ժողովուրդը հայցելով մտածել տառապած Ուքրանիոյ մասին։

Հոլոտոմորիի ցեղասպանութեան յիշատակը

Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց, թէ այս շաբաթ, օր կը յիշատակուի Հոլոտոմորի ահաւոր ցեղասպանութեա յիշատակը, անօթութեան համար բնաջնջումը, պաշտօնապէս կատարուած Սթալինի կողմէ 1932-1933 տարիներուն։ Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց աղօթել այդ ցեղասպանութեան զոհերուն համար, աղօթել Ուքրանացի շատ մը մանուկներուն, կանացն, տարեցներուն համար։

Ձկնորսութեան համաշխարհային օրը։

Ի վերջոյ Սրբազան Քահանայապետը մաղթեց, որ ձկնորսութեան համաշխարհային օրը կարենայ նպաստել ձկնորսութեան եւ ջուրի մշակոյթի զօրակցութեան՝ ձկնորսներուն իրաւունքներու յարգանքի միջոցաւ, որոնք իրենց աշխատանքով կը նպաստեն աշխարհի մէջ պարէնի անվտանգութեան, սնուցման եւ աղքատութեան կրճատման։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/11/2022, 11:16