2025.01.26 Angelus

Միասին կառուցենք աւելի եղբայրական եւ արդար աշխարհ մը. Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Պապը յիշեց Սուտանի եւ Քոլոմպիայի հակամարտութիւնները, զօրակցութիւն հայցեց բորոտներուն, ակնարկեց վաղը յիշատակուող Հրեաներու ողջակիզումի զոհերուն յիշատակի օրուան, եւ ողջունեց հաղորդակցութեան աշխարհի գործիչներն ու անոնց Յոբելեանը ինչպէս նաեւ Ացիոնէ Քաթթոլիքայի պատանիներուն ձեռնարկած խաղաղութեան կարաւանը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 26 Յունուարի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան Պապը խօսքը ուղղելով ս. Պետրոս հրապարակ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւոր հաւատացեալներուն նախ ակնարկեց Սուտանի մէջ տիրող հակամարտութեան, «որ սկիզբ առած էր 2023-ի ապրիլին նշելով թէ ան «պատճառ է աշխարհի մէջ մարդասիրական մեծ տագնապի մը, ծանր հետեւանքներ ունենալով նաեւ Հարաւային Սուտանի վրայ»։

Սուտանը

«Մօտիկ եմ երկու երկիրներու բնակիչներուն եւ զանոնք կը հրաւիրեմ եղբայրութեան, զօրակցութեան եւ խուսափելու բոլոր տեսակի բռնութենէն ու թոյլ չտալու որ չարաշահուին նորոգելով կոչը Սուտանի մէջ պատերազմող կողմերուն «որպէսզի դադրին ռազմական գործողութիւնները և համաձայնին նստելու բանակցութիւններու սեղանի շուրջ»։

«Կը խրախուսեմ միջազգային հասարակութիւնը ամէն կարելին ընելու, անհրաժեշտ մարդասիրական օգնութիւնները հասանելի դարձնելու տեղահաններուն եւ պատերազմող կողմերուն օգնելու` որպէսզի արագօրէն գտնեն խաղաղութեան ուղիներ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Քոլոմպիա

Ան ապա ակնարկեց Քոլոմպիայի մէջ տիրող մտահոգիչ իրավիճակին, «ուր զինեալ խմբաւորումներու միջեւ հակամարտութիւնները պատճառ դարձան բազմաթիւ քաղաքացիական զոհերու և աւելի քան երեսուն հազար տեղահանածներու։ Անոնց կ՛արտայայտեմ մօտիկութիւնս եւ կ՛աղօթեմ անոնց համար» յարեց Նորին Սրբութիւնը։

Բորոտներու համաշխարհային Օրը

Ակնարկելով ապա այսօր նշուող բորոտներու համաշխարհային օրուան, Ֆրանչիսկոս Պապը քաջալերեց այդ հիւանդութեան թիրախ դարձած անձերուն ի սպաս գործիչները շարունակելու իրենց յանձնառումը, օգնութիւն մատուցելով անոնց որոնք կը բուժուին ներառուելու ընկերութեան մէջ։ Անոնք կղզիացած թող չմնան» ըսաւ Քահանայապետը։

Հրեաներու ողջակիզումի յիշողութեան Օր

«Վաղը կը յիշատակուի Հրեաներու ողջակիզումի զոհերուն յիշատակը, Աուշվիցի համակեդրոնացման ճամբարի ազատագրման 80 ամեակը։ Միլիոնաւոր հրեաներու եւ այլ հաւատքի պատկան անձերու ոչնչացումը, որ տեղի ունեցաւ այդ տարիներուն, չի կրնար ոչ մոռցուիլ եւ ոչ ալ ժխտողութեան ենթարկուիլ» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը յիշելով հունգարացի բանաստեղծուհի Էտիթ Պրուքը, որ կ՛ապրի Հռոմի մէջ եւ որ մեծապէս տառապած է։

Միասին կառուցենք աւելի եղբայրական, աւելի արդար աշխարհ մը

«Յիշենք նաեւ բազմաթիւ քրիստոնեաները որոնց շարքին բազմաթիւ նահատակներ», շարունակեց Սրբազան Պապը, կոչ ուղղելով որ բոլորն ալ համագործակցին արմատախիլ ընելու համար հակասեմական վէրքը, որեւէ խտրականութեան ու կրօնական հալածանքի ձեւերուն հետ միասին։

Միասին կառուցենք աւելի եղբայրական, աւելի արդար աշխարհ մը, կրթելով երիտասարդները որպէսզի ունենան բաց սիրտ մը բոլորին համար, եղբայրութեան, ներումի եւ խաղաղութեան տրամաբանութեան մէջ» եղաւ Սրբազան Քահանայապետին այլ մէկ կոչը։

 Հաղորդակցութեան աշխարհի գործիչներՈՒՆ Յոբելեանը

Ան ապա ողջունեց Իտալիայէն եւ աշխարհի այլ երկինրերէն ժամանած ուխտաւորներու խումբերը, յատուկէն ողջունելով լրագրողները եւ Հաղորդակցութեան աշխարհի գործիչները, որոնք ըսաւ Ան այս օրերուն ապրեցան իրենց Յոբելեանը։ Կը խրախուսեմ զանոնք ըլլալու միշտ յոյսի պատմիչներ» ըսաւ Քահանայապետը։

Խաղաղութեան Կարաւանը

Ողջոյններու շարքին Նորին Սրբութիւնը յիշեց Ացիոնէ Քաթթոլիքա շարժումի պատանիները որոնք հրապարակ կը գտնուին «Խաղաղութեան Կարաւանի» ձեռնարկի աւարտին, «որուն ընթացքին խորհրդածեցին իրենց կեանքին ներքոյ Յիսուսի ներկայութեան մասին, իրենց հասակակիցներուն վկայելով հիւրընկալութեան եւ եղբայրութեան գեղեցկութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով պատանիներէն մինչ որ իր մօտ կը գտնուի կարդալու խաղաղութեան պատգամը որուն մէջ ան ի միջի այլոց նշեց թէ լաւ պիտի ըլլար որ աշխարհի պատասխանատուները կարողանային լռեցնել զէնքերը։

Քահանայապետը ողջոյնի խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ խնդրեց որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/01/2025, 12:33