Illustration shows message reading "AI artificial intelligence", keyboard and robot hands

Սուրբ Աթոռ. Արհեստական Բանականութիւնը հնարաւորութիւն է մարդս չի կարող ստրուկ դառնալ գործիքներուն

Հնագոյն և նոր. Հրատարակուեցաւ Սուրբ Աթոռի` Հաւատոյ Վարդապետութեան ու Մշակոյթի եւ Կրթութեան Վերատեսչութիւններու Արհեստական Բանականութեան վերաբերեալ միատեղ փաստաթուղթը, որուն մէջ ընդգծուած են անոր կրթութեան, տնտեսութեան, աշխատանքի, առողջապահութեան, մարդկային և միջազգային յարաբերութիւնների, պատերազմի ոլորտէն ներս ներուժն ու մարտահրաւէրները
Ունկնդրէ լուրը

Սալվաթորէ Չերնուցիօ – Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Արհեստական Բանականութիւնը կարելի չէ նկատել` որպէս Անհատ, ան պէտք չէ փոխարինէ մարդկային յարաբերութիւնները, այլ պէտք է օգտագործուի, «միայն որպէս մարդկային բանականութեան լրացուցիչ գործիք»։ Այս կը կարդանք Սուրբ Աթոռի` Հաւատոյ Վարդապետութեան ու Մշակոյթի եւ Կրթութեան Վերատեսչութիւններու «Antiqua et Nova - Հնագոյն և նոր» խորագիրով արհեստական բանականութեան վերաբերեալ հրատարակած միատեղ փաստաթուղթին մէջ, որ ուղղուած է ծնողներուն, ուսուցիչներուն, քահանաներուն, եպիսկոպոսներուն ու բոլոր անոնց` որոնք կոչուած են փոխանցելու հաւատքը ու դաստիարակելու, ու նաեւ անոնց` որոնք չեն կիսեր գիտական ու արուեստագիտութեան զարգացման անհրաժեշտութիւնը ի «ծառայութիւն մարդուն ու հասարակաց բարիքին[5]։

Փաստաթուղթը կարդալ ամբողջութեամբ այստեղ 

Փաստաթուղթը` որ լոյս տեսաւ այսօր` 28 Յունուարին, վաւերացուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ եւ կազմուած է 117 հատուածներէ, որոնց մէջ ի յայտ կը դրուին Արհեստական Բանականութեան (ԱԲ) կրթութեան, տնտեսութեան, աշխատանքի, առողջապահութեան, մարդկային և միջազգային յարաբերութիւններու եւ պատերազմի ոլորտէն ներս ներուժն ու մարտահրաւէրները։

Պատերազմներու պարագային, զոր օրինակ ԱԲ ներուժը կարող է աճեցնել պատերազմի կենսամիջոցները, «մարդկային վերահսկողութենէ սահմաններէն դուրս» արագացնելով «ապակայունացնող սպառազինութիւններու մրցավազքը մարդու իրաւունքներու համար կործանարար հետևանքներով» [99]:

Վտանգներ և առաջընթաց

Փաստաթուղթին մէջ թուարկուած են արհեստական բանականութեան վտանգները, բայց նաև առաջընթացը [2], մտահոգութիւն դրսեւորելով այն բոլոր նորութիւններու մասին, որոնց հետեւանքները տակաւին անկանխատեսելի են [3]։

Զանազանութիւն դնել ԱԲ եւ մարդկային բանականութեան միջեւ

Երկու վերոնշեալ Վերատեսչութիւններու արտացոլումներու կիզակէտը կը կազմեն բարոյական և մարդաբանական նկատառումներ, որոնց նուիրուած են մի քանի հատուածներ, Արհեստական Բանականութեան և մարդկային բանականութեան միջև «որոշիչ» զանազանութիւններ դնելու համար:

ԱԲ զուրկ է յարաբերութիւններուն մէջ գործադրուող մարմնականութեան մէջ ապրուած անհամար փորձառութենէն եւ չի կարող զարգանալ այդ ուղղութեամբ [31]: Ան ունի «գործառնական տեսլական», ուր մարդիկը գնահատուած են միայն իրենց աշխատանքի և արդիւնքներու հիման վրայ, որտեղ մարդկային արժանապատուութիւնը կը մնայ միշտ անձեռնմխելի եւ նոյնը, նոյնիսկ «չծնուած մանուկի», «անգիտակից մարդու» կամ «տառապող տարեց մարդու» մէջ [34]։

Հետևաբար, «կողմնորոշական» է «բանականութիւն» տարրը օգտագործել ԱԲ համար, անիկայ արդարեւ «բանականութեան արհեստական ձեւ մը չէ» այլ միայն անոր «արտադրութիւններէն մէկը» [35]:

Քիչերու ձեռքերուն մէջ իշխանութիւն

ԱԲ եւս որպէս մարդու հանճարի արդիւնք, կարելի է կողմնորոշել «դրական կամ ժխտական նպատակներու» կը հաստատէ Փաստաթուղթը։ Ան արդարեւ կարող է «կարեւոր նորութիւններ» յառաջացնել տարբեր ոլորտներէն ներս [48], սակայն վտանգը կայ նաեւ` որ ան «խորացնէ մեկուսացման, խտրականութեան, աղքատութեան, «թուային պառակտման», սոցիալական անհաւասարութեան իրավիճակները [52]։ Բարոյական մտահոգութիւն հրահրող պատճառներէն է այն իրականութիւնը թէ «ԱԲ հիմնական յաւելուածներու վրայ իշխանութեան մեծ մասը կենտրոնացած է մի քանի հզօր ընկերութիւններու ձեռքերուն մէջ» [53], այնպէս որ այս արուեստագիտութիւնը կարելի է շահարկել «անձնական կամ հաստատութիւններու շահին ի սպաս» եւ կամ «հանրային կարծիքը կողմնորոշելու դէպի հատուածի մը շահերուն ի սպաս» [53]:

Պատերազմը

Փաստաթուղթը կ՛ուսումնասիրէ ԱԲ հետ կապուած կեանքի տարբեր ոլորտները, որոնց շարքին նաեւ պատերազմը։ Մինչ ԱԲ «վերլուծական կարողութիւնները» կարելի է օգտագործել՝ օգնելու երկիրները` խաղաղութիւն և անվտանգութիւն փնտռելու, մահաբեր ինքնավար սպառազինութեան համակարգերը, կարող են «նշանակել և ներգրաւել թիրախներ առանց մարդու անմիջական միջամտութեան», եւ առանց որեւէ «բարոյական դատողութեան» [100]։

Քահանայապետը Իտալիոյ Փուլիա մարզի մէջ նշուած G7-ի ժամանակ կոչ ուղղած էր արգիլել անոր օգտագործումը. «Ոչ մէկ գործիք պէտք է կարողանայ ընտրել եթէ խլել կամ ոչ մարդու մը կեանքը»։ Ինքնավար ճշգրիտ սպանութեան ունակ մեքենաները և զանգուածային ոչնչացման ունակ միւս գործիքները իրական սպառնալիք են «մարդկութեան կամ ամբողջ տարածաշրջաններու գոյատևման համար» [101]:

Այս արուեստագիտութիւնները «պատերազմին կը շնորհեն անկառավարելի կործանարար ուժ, որ կ՛ ազդէ բազմաթիւ անմեղ քաղաքացիներու վրայ՝ չխնայելով ոչ իսկ մանուկները», նշուած է Antiqua et Nova Փաստաթուղթին մէջ: Ուստի որպէսզի մարդկութիւնը «ինքնաոչնչացման պարոյրներու» մէջ չ՛իյնայ, անհրաժեշտ է «յստակ դիրքորոշում որդեգրել արուեստագիտութիւններու բոլոր կիրառութիւններուն դէմ, որոնք ի սկզբանէ կը սպառնան մարդու կեանքին և արժանապատուութեան»։

Մարդկային յարաբերութիւններ

Մարդկային յարաբերութիւններու մասին անդրադառնալով ԱԲ կարող է «խթանել կապերը», բայց միեւնոյն ատեն կարող է մղել «վնասակար մեկուսացումի [58]։ ԱԲ մարդակերպարանացումը յատուկ խնդիրներ կը յառաջացնէ մանուկներու աճումին համար, որոնք քաջալերուած են «մարդկային յարաբերութիւնները տեսնել միայն օգտապաշտ ձեւով», ինչպէս կը պատահիլ chatbot-ի պարագային [60]։ Սխալ է ապա ԱԲ ներկայացնել որպէս անհատ մը եւ «բարոյականութեան ծանր խախտում է» այդ մէկը գործադրել խարդախ նպատակներով։ Ճիշտ այնպէս, ինչպէս խորապէս անբարոյական է եւ զգոյշ զգօնութիւն կը պահանջէ « խաբէական նպատակներու համար ԱԲ օգտագործելը որոշ ոլորտներու մէջ, ինչպիսիք են կրթութեան կամ մարդկային յարաբերութիւններու, ներառեալ սեռականութեան ոլորտները [62]:

Տնտեսութիւն եւ աշխատանք

Նոյն վերոնշեալ հսկողութիւնը պէտք է կիրարկել նաեւ տնտես-ֆինանսական ոլորտին մէջ, մասնաւորապէս աշխատանքային դաշտին մէջ, ուր ի յայտ կը դրուի որ` ԱԲ ունի հմտութիւնները և արտադրողականութիւնը աճեցնելու կամ նոր աշխատատեղեր ստեղծելու ներուժ, սակայն միւս կողմէ՝ ան կարող է «հմտութիւններէ զրկել աշխատողները, զանոնք ենթարկել մեքենայական հսկողութեան և անոնց յանձնել կոշտ և կրկնուող գործառոյթներ» [67], մինչեւ այն աստիճան որ «խեղդուի» ցանկացած նորարարական կարողութիւն։

«Պէտք չէ փորձել մարդկային աշխատանքը փոխարինել արուեստագիտութիւններու առաջընթացով. Այդպէս ընելով մարդկութիւնը ինքզինք կը վնասէ», - ընդգծուած է Փաստաթուղթին մէջ [70]:

Առողջապահութիւն

Առողջապահութեան ոլորտի քննարկումը եւս մաս կը կազմէ Փաստաթուղթին, ուր նշուած է` թէ ԱԲ որ մեծ ներուժ ունի այդ ոլորտէն ներս չի կարող փոխարինել բժիշկ-հիւանդ յարաբերութիւնը, որովհետեւ վտանգը կայ որ ան «վատացնէ այն արձանութիւնը, որ յաճախ կ՛ընկերանայ հիւանդին»։ Միւս կողմէ կենսամիջոցներուն բարելաւումը պէտք չէ վնաս հասցնէ ամենախոցելիներուն կամ ստեղծէ «նախապաշարումի կամ խտրականութեան» [75] ձեւեր, որոնք կը հանգեցնեն «հարուստներու համար բժշկութեան» ամրապնդումին, ուր ֆինանսական հնարաւորութիւններ ունեցող մարդիկ կ՛օգտուին կանխարգիլման առաջադէմ գործիքներէն և անհատական բժշկական տեղեկատուութիւնէն, մինչ միւսները կը պայքարին նոյնիսկ ամենատարրական ծառայութիւններէն օգտուելու համար:

Կրթութիւն

Վտանգներ կը բացայայտուին նաեւ կրթական դաշտէն ներս։ Եթէ ԱԲ օգտագործուի զգուշաւոր ձեւով ան կարող է բարելաւել կրթութեան հասանելիութիւնը [80]։ Հարցը այն է` թէ բազմաթիւ ծրագիրներ սահմանուած են «պարզապէս պատասխաններ տալու, փոխանակ խրախուսելու ուսանողները զանոնք գտնելու, կամ իրենք մշակելու գրութիւնները». Այս մէկը կը հանգեցնէ տեղեկատուութեան կուտակման կամ քննադատական ​​մտածողութեան զարգացման կորուստին [82], առանց անտեսելու ապա այն բոլոր «սխալ, շինծու եւ սուտ» տեղեկութիւնները, որոնք ստեղծուած են որոշ ծրագիրներու կողմէ [84]։

Fake News եւ Deepfake

Արդարեւ ԱԲ կարող է սուտ լուրեր արտադրել [85] եւ աւելի մտահոգիչը այն է թէ այս շինծու լուրերը յաճախ օգտագործուած են միտումնաւոր կերպով խաբէութեան նպատակներու համար, զօր օրինակ երբ կը տարածուին նկարներ, տեսերիզներ, կամ deepfakeներ որոնք արտադրուած են «algoritm»երու կողմէ «խաբելու եւ վնաս հասցնելու» [87]։ Կոչն է առ այդ` որ միշտ ուշադիր ըլլալ «ստուգելու անոնց իսկութիւնը» [89]։

Գաղտնիութիւն, վերահսկողութիւն, կրօնական ազատութիւն

Գաղտնիութեան եւ վերահսկողութեան մասին անդրադառնալով Փաստաթուղթը կ՛ընդգծէ թէ տուեալներու որոշ տեսակներ կարող են հասնիլ այն աստիճանի, որ դպչին մարդու գաղտնիութեան, «գուցէ նոյնիսկ անոր խղճին» [90], մինչեւ այն աստիճան, որ ամէն ինչ դառնայ տեսակ մը ցուցադրութիւն, որ կարելի է լրտեսել, վերահսկել [92]. Ապա կը զգուշացուի որ «Թուային հսկողութիւնը կարող է օգտագործուիլ հաւատացեալներու կեանքի և անոնց հաւատքի արտայայտման նկատմամբ վերահսկողութիւն իրականացնելու համար» [90]:

Հասարակաց տունը

Արարչագործութեան նիւթին մասին անդրադառնալով ԱԲ ծրագիրները կը նկատուին խոստումնալից բարելաւելու համար հասարակաց տան հետ մեր կապը ... միւս կողմէն սակայն պէտք է նկատի առնել, որ ժամանակակից արհեստական բանականութեան մոդելները և անոնց աջակցող սարքաւորումը կը պահանջեն «զգալի քանակութեամբ ուժանիւթ և ջուր և զգալիօրէն կը նպաստեն CO2 արտանետման»։ Հարկաւոր է առ այդ «Կայուն լուծումներու մշակումը մեր հասարակաց տան վրայ անոնց ազդեցութիւնը նուազեցնելու համար»:

Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնը

«Աստուած սեփական ձեռքի գործով փոխարինելու կանխավարկածը կռապաշտութիւն է» կը հաստատէ Փաստաթուղթը, մէջբերում կատարելով Սուրբ Գրութիւններէն՝ զգուշացնելու համար այն իրականութենէն որ ԱԲ կարող է «աւելի գայթակղիչ դառնալ, քան աւանդական կուռքերը» [105]: Կը յիշեցուի առ այդ թէ անիկայ միայն մարդկութեան «գունատ արտացոլում» է. Եւ ԱԲ չէ որ կը պաշտուի եւ կ՛աստուածացուի, «այլ մարդ էակն է, որ այդպիսով ստրուկ կը դառնայ իր իսկ ստեղծածին»։ Ասկէ մեկնելով Փաստաթուղթը կը յորդորէ` ԱԲ օգտագործել միայն «որպէս մարդկային բանականութեան լրացուցիչ գործիք որ չփոխարինէր անոր հարստութիւնը» [112]:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/01/2025, 09:00