Կարդինալ Ճորճ Ժաքոպ Քովաքատ նշանակուեցաւ միջկրօնական վերատեսչութեան վերատեսուչ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Կարդինալ Ճորճ Ժաքոպ Քովաքատ նշանակեց միջկրօնական երկխօսութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ։ Կարդինալ Ճորճ պիտի շարունակէ վարել նաեւ Պետական քարտուղարութեան մօտ առաքելական ճամբորդութիւններուն համակարգողի պաշտօնը։ Միջկրօնական վերատեսչութեան նոր վերատեսուչը կը յաջորդէ կարդինալ Միկէլ Այուզօ կիսոյին որ մահացած է անցեալ տարի նոյեմբեր ամիսը։
Տարիքով 51 տարեկան կարդինալ Քովաքատ ծնած է Հնդկաստանի Chethipuzha քաղաք, 11 օգոսոտս 1973ին։ Ան քահանայ ձեռնադրուած է 24 յուլիս 2004ին։ Փիլիսոփայական եւ Աստուածաբանական ուսումներէ աւարտելէ ետք մասնագիտացած է եկեղեցական իրաւագիտութեան մէջ ու քարտուղարի պաշտօնով ծառայած է Ալճերիոյ մէջ Պապական նուիրակութեան մօտ։ Ան ապա խորհրդատուի պաշտօնով աշխատած է Քորէաի, Իրանի, Քոսթա Ռիքայի եւ Վենեզուելայի Պապական նուիրակներու մօտ։ 2020 թուականէն կը զբաղի Պետական քարտուղարութեան մէջ ընդհանուր գործերու բաժանմունքին մէջ ու 2021ին, Ֆրանչիսկոս Պապին հրամանով նշանակուած է առաքելական ճամբորդութիւններուն պատասխանատու։ Կարդինալ Քովաքատ եպիսկոպոսս ձեռնադրուած է 24 նոյեմբեր 2024-ին, ապա 7 դեկտեմբեր 2024-ին, կարդինալներուն ժողովին ընթացքին անուանուած է ծիրանաւոր։
«Վատիկան Նիւզ»ի խմբագրական կազմի ընդհանուր տնօրէն, տիար Անտրէա Թորնիելլի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին կարդինալ Ճորճ Ժաքոպ Քովաքատ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց նոր պաշտօնին համար ապա ընդգծեց միջ կրօնական երկխօսութեան կարեւորութիւնը, մասնաւորապէս բազմամշակութային շրջանակներէն ներս ինչպէս Հնդկաստանի մէջ ուր կրօնականութեան բազմազանութիւնը դիտուած է որպէս հարստութիւն դիտել տալով, որ քրիստոնեաներ պէտք են ըլլալ «եղբայրութեան սերմեր» եւ այլ դաւանքներուն հետ կամուրջներ կառուցողներ, եւ ոչ թէ պատեր։
Կարդինալ Քովաքատ յիշեց նաեւ Պապական ճամբորդութիւններու ընթացքին իր ունեցած փորձառութիւնները, որոնց մէջ յաճախ ներառուած են միջ կրօնական երկխօսութիւններ, ինչպէս վերջերս Ճակարդայի առաքելական ճամբորդութիւնը Ան ապա յոյս յայտնեց, որ այդ փորձառութիւնները օգտակար դառնան իր նոր պաշտօնին մէջ։
Կարդինալ Քովաքատ զրոյցը աւարտեց շետելով, որ անհրաժեշտ է շարունակել աշխատիլ խթանելու համար աշխարհ մը ուր կրօններուն բազմազանութիւնը կարող է նպաստել խաղաղութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
