Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Երկխօսութիւնն ու դիւանագիտութիւն անհրաժեշտ են կայուն խաղաղութիւն կառուցելու համար

Ֆրանչիսկոս Պապին ուղերձը Հաւանայի մէջ կայացած «Աշխարհի մէջ հաւասարակշռութեան համար» խորագիրով 6-րդ միջազգային համագումարի մասնակիցներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ ուղերձ մը յղեց յունուար 28էն-31ին «Աշխարհի մէջ հաւասարակշռութեան համար» խորագիրով Հաւանայի մէջ կայացած 6-րդ միջազգային համագումարի մասնակիցներուն։ Ուղերձին մէջ Սրբազան Հայրը ընդգծեց, որ յոյսը «Թոյլ կու տայ մեզի հասանելի դառնալու՝ կիսելու դժուարութիւնները, տառապանքները, հիասթափութիւնները, որոնք կ՝ուղեկցին իւրաքանչիւր մարդուն եւ իւրաքանչիւրը հասարակութեան» ու պէտք է սորվինք «կիսել աղքատներուն հետ» եւ «բացուիլ առատաձեռն ընդունելութեամբ ուրիշներուն առջեւ» որպէսզի «ներդրենք, այն ինչ որ կանք եւ ունինք յանուն ընդհանուր բարօրութեան»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ուղերձին մէջ ընդգծեց վճռականութեամբ աշխատելու կարեւորութիւնը, որպէսզի յոյսը, որ սնուած է հաւատքով եւ Յիսուս Քրիստոսի սէրով, վերածուի համաշխարհային խաղաղութեան ու կոչ ուղղեց մէկ կողմ դնելու բռնութիւնը եւ ներգրաւուելու երկխօսութեան ու դիւանագիտութեան մէջ երկարատեւ խաղաղութեան համար բանակցութիւններուն տարածքներ կառուցելու համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ կարեւորեց բոլորին համար արժանապատուութիւն եւ ներառականութիւն ապահովուելու կարեւորութիւնը, մասնաւորապէս դժուարութեան պայմաններուն մէջ ապրողներուն։ «հաստատութիւնները եւ հասարակութիւնները պէտք են աշխատիլ՝ վերականգնելու վստահութիւն եւ աջակցութիւն աղքատներուն, հիւանդներուն, տարեցներուն, գաղթականներուն եւ բանտարկեալներուն» գրեց Սրբազան Հայրը ուղերձին մէջ։

Յիշելով ապա «Spes non confundit» կոնդակը Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ Յոբելինական Սուրբ տարուան, որպէս հնարաւորութիւն՝ խաղաղութեան, ներողամտութեան ու համերաշխութեան միջոցաւ խաղաղութիւնը վերանորոգելու համար ու ընդգծեց յոյսի կարեւորութիւնը, որ թոյլ կու տայ կիսելու ուրիշներուն տառապանքներն ու վախերը ապա հրաւիրեց ճանչնալու իւրաքանչիւր անհատի մէջ Աստուծոյ պատկերը, զարգացնելով եղբայրական հասարակութիւն մը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ուղերձը աւարտեց յորդորելով կառուցել յոյսը՝ բաժնեկցութեան, փոխադարձ ընդունելութեան միջոցաւ, ընդհանուր բարօրութեան համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/01/2025, 07:58