2025.01.25 Partecipanti al Giubileo della Comunicazione 2025.01.25 Partecipanti al Giubileo della Comunicazione

Թող ազատ արձակուին բոլոր կալանաւորուած լրագրողները. Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Պապը հանդիպում ունեցաւ Հաղորդակցութեան աշխարհի գործիչներուն հետ որոնք Հռոմ ժամանած են Հաղորդակցութեան աշխարհի գործիչներու Յոբելեանին առիթով։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ` 25 Յունուար 2025ին Ֆրանչիսկոս Պապը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ հանդիպեցաւ Հաղորդակցութեան աշխարհի գործիչներուն հետ7 որոնք Յոբելենական յոյսի տարուան առիթով Հռոմ ժամանած են մասնակցելու համար Հաղորդակցութեան Աշխարհի Յոբելեանին։

Նշենք որ` Շաբաթ 25 Յունուարի առաւօտեան կանուխ հաղորդակցութեան աշխարհի գործիչները ուխտագնացութիւն կատարեցին դէպի Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի Սուրբ Դուռը, որուն Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ յաջորդեց մշակութային հանդիպում մը, որուն առիթով ելոյթ ունեցան խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակակիր` Մարիա Ռեսսա եւ Տոքթ. Colum McCann, «Narrative 4» կայանի համահիմնադիրը, ինչպէս նաեւ իտալացի լրագրող Մարիօ Քալապրեզի։

Ահա այս մշակութային հանդիպումէն ետքն է, որ Ֆրանչիսկոս Պապը ժամանեց Պօղոս Զ անուան սրահ հանդիպելու եւ իր պատգամը ուղղելու համար ներկաներուն։

Սրբազան Պապին սրտի խօսքը

Զանոնք ողջունելով Նորին Սրբութիւնը  շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն ապա նշեց` թէ իր ձեռքերուն մէջ ունի ինը էջնոց ճառ մը։ «Այս ժամուն երբ մեր ստամոքսը կը սկսի շարժիլ ինը էջ կարդալը տանջանք պիտի ըլլայ» ըսաւ Ան ծիծաղելով ու նշելով թէ ինք ճառը պիտի յանձնէ Վերատեսուչին, որպէսզի Ան զայն փոխանցէ ներկաներուն եւ անպատրաստից խօսք մը ուղղեց շեշտը դնելով «հաղորդակցութիւն» բառին վրայ ու ընդգծելով, որ «հաղորդակցիլը կը նշանակէ դուրս գալ մենք մեզմէ մերը տանելու միւսին։ Եւ հաղորդակցութիւնը միայն դուրս ելլելը չէ այն նաեւ հանդիպում է միւսին հետ» հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը, աւելցնելով որ` «Հաղորդակցիլ գիտնալը մեծ իմաստութիւն է»  եւ թէ ինք շատ ուրախ է այս հաղորդակցութեան աշխարհի Յոբելեանին համար։ 

 «Ծեր գործը կառուցողական գործ է, կը կառուցէ ընկերութիւնը կը կառուցէ Եկեղեցին, յառաջ կը տանի ամէն ինչ պայմանաւ որ անիկայ ճշմարիտ ըլլայ։ Բայց չի բաւեր ճշմարիտ ըլլան ձեր ըսածները, պէտք է նաեւ, որ դուք ալ ճշմարիտ ըլլաք» ըսաւ ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը ։

Քահանայապետին գրաւոր ճառը

Իսկ գրաւոր իր ճառին մէջ ան նշած էր` որ «Յոբելեանը կը կատարուի մարդկութեան պատմութեան մէջ դժուար պահու մը ընթացքին» ակնարկելով պատերազմէ եւ բռնութենէ վիրաւոր աշխարհին, ու անմեղ արեան հեղումին, այս ծիրէն ներս շնորհակալութիւն յայտնելով հաղորդակցութեան գործիչներուն, որոնք «իրենց կեանքը կը վտանգեն որոնելու համար ճշմարտութիւնը եւ պատմելու պատերազմին սարսափները» եւ յիշեց բոլոր այն գործիչները, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին վերջին տարուայ ընթացքին հրաւիրելով աղօթել անոնց համար։

Կալանաւորուած լրագրողները ազատ արձակելու կոչ

Ան յիշեց նաեւ բոլոր այն լրագրողները` որոնք կալանաւորուած են եւ կոչ ուղղեց անոնց ազատ արձակման համար հաստատելով` որ «լրագրողներուն ազատութիւնը կ՛աճեցնէ նաեւ մեր ազատութիւնը» ու թէ «անոնց ազատութիւնը մեր իւրաքանչիւրի ազատութիւնն է»։

Սրբազան Պապը պահանջեց` որ պաշտպանուի մամուլի եւ խօսքի ազատութիւնը՝ տեղեկացուած ըլլալու հիմնարար իրաւունքի հետ համատեղ որպէսզի կարելի ըլլայ զանազանել ճշմարտութիւնը սուտէն եւ խթանելու  քաղաքակիրթ համակեցութիւն։

Լրագրութիւնը կոչում եւ առաքելութիւն է

«Լրագրութիւնը արհեստ ըլլալէ անդին կոչում եւ առաքելութիւն է» նշեց Սրբազան Պապը դիտել տալով նաեւ թէ լրագրողները կարեւոր եւ հիմնական դեր մը ունին խաղալիք այսօրուայ ընկերութեան մէջ օգտագործելով ոճ, վերաբերմունք եւ լեզու որոնք, յոյս կը ներշնչեն, կամուրջներ կը կառուցեն ու դռներ կը բանան... Այս գործը կը պահանջէ ունկնդրութիւն եւ ուրիշներու փորձառութեան հասկացողութիւն, նշեց Նորին Սրբութիւնը ։

«Ազատութիւնը ընտրելու քաջութիւնն է» աւելցուց Ան եւ հրաւիրեց Յոբելեանին առիթը օգտագործել «նորոգելու, եւ վերագտնելու այս քաջութիւնը. Քաջութիւնը ազատելու մեր սրտերը, ամէն այն բաներէ որոնք զայն կ՛ապականեն»։

Մամուլի գրագիտութիւն

«Մենք պէտք ունինք մամուլի գրագիտութեան, որպէսզի կրթենք մենք զմեզ և ուրիշները քննադատական ​​մտածողութիւն, գիտելիքի համար անհրաժեշտ խորաթափանցութիւն եւ համբերութիւն ունենալու» եղաւ Սրբազան Քահանայապետին այլ կոչերէն մին ձեռք բերելու համար փոփոխութիւն մը որուն մեկնակէտը ըլլայ կրթութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց ապա Սուրբ Պօղոսի տիպարին ու անոր դարձի տօնին որ կը նշուի այսօր հրաւիրելով ներկաները պատմելու յոյսի պատմութիւններ. «Յոյսը պատմելը կը նշանակէ տեսնել թաքնուած բարիքի փշրանքները, նոյնիսկ երբ ամէն ինչ կորսուած կը թուայ, կը նշանակէ թոյլ տալ յուսալ նոյնիսկ ամէն յոյսի դէմ: Կը նշանակէ նկատել այն ծիլերը, որոնք կը յայտնուին, երբ երկիրը տակաւին ծածկուած է մոխիրով: Յոյսը պատմելը կը նշանակէ ունենալ հայեացք մը` որ կը կերպարանափոխէ իրերը...եւ գիտէ տեսնել բարին... Եւ ասոր համար է որ ձեզ կը քաջալերեմ պատմելու եւ կիսելու յոյսը»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/01/2025, 12:30