Հրեաներուն ողջակիզումի յիշատակի օրուան առիթով Քահանայապետական թուիթներ
Վատիկան Նիուզ. - Հայկական Բաժանմունք
Ամէն տարուայ 27 յունուարին կը յիշատակուի Սովետական միութեան բանակին կողմէ Աուշվիցի դարպասներու կործանման յիշատակը՝ 27 յունուար 1945-ին։ Օրը որդեգրուած է ՄԱԿ-ի կողմէ 2005-ին։ Հրէաներու ողջակիզումի յիշատակումի օրը կազմակերպուած է, նաեւ յիշելու համար բոլոր անոնք, որոնք իրենց կեանքը վտանգելով հանդերձ հակառակեցան ցեղասպանութեան ծրագրին, պաշտպանեցին եւ փրկեցին անթիւ հալածուածներու կեանքը։
Հրեաներուն ողջակիզումի յիշատակի օրուան առիթով Ֆրանչիսկոս Պապ յաջորդական գրառումներ կատարեց Քահանայապետական ԻՔՍ հարթակի, վրայ որուն առաջինին մէջ գրեց.
«Միլիոնաւոր հրեայ ժողովուրդի բնաջնջման սարսափը չէ կարելի ոչ մոռանալ, ոչ հերքել: Յիշենք նաեւ բազմաթիւ քրիստոնեաները, որոնք շարքին նաեւ բազմաթիւ նահատակներ։ Համագործակցինք միասին արմատախիլ ընելու հակասեմականութեան արհաւիրքը՝ կրօնական հալածանքներու իւրաքանչիւր ձևի հետ միասին»։
Իսկ երկրորդ գրառումով Նորին Սրբութիւնը վերահաստատեց, թէ «պէտք չէ թոյլ տալ որ հակասեմականութեան սերմերը արմատներ գտնեն մարդու սրտերուն մէջ» ու վերյիշելով «Շոա»ի զոհերուն արցունքներն ու տառապանքը հրաւիրեց կրկնել. Այլեւս ոչ երբեք»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
