«Սալամ ալէյքոմ, կ՛աղօթեմ ձեզի համար». Ֆրանչիսկոս Պապը դարձեալ հեռաձայնած է Կազայի ժողովրդապետութեան
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Հինգշաբթի 22 Յունուարին հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը յայտնած էր թէ ինք ամէն օր կապ կը հաստատէ Կազայի ժողովրդապետութեան հետ ուր կ՛ապրին 600 քրիստոնեաներ եւ նոյն օրը երեկոյեան Ան, սովորութեան համաձայն, երեկոյեան ժամը եօթին կապ հաստատեց անոնց հետ «WhatsApp»-ի միջոցաւ խօսելով Սուրբ Ընտանիք ժողովրդապետութեան ժողովրդապետ` Հայր Կապրիել Ռոմանելիին ու փոխ ժողովրդապետ` Հայր Եուսուֆ Ազատի հետ։
Սրբազան Քահանայապետը զանոնք ողջունեց «սալամ ալէքոմ» խօսքով ապա հարց տուաւ թէ ինչպէս են ու ի՞նչ կերան այդ օր։ Ան արդարեւ առաւօտեան ունկնդրութեան ընթացքին նշած էր, թէ Կազայի մէջ մարդասիրական օգնութիւններու պակասին բերումով, այնտեղ կը պակսէր ամէն բան եւ բնակչութիւնը կարելիութիւնը չունէր մսեղէն ուտելու։
«Այսօր բոլորս կերանք հաւի թեւիկներ» բացատրեց Հայր Եուսուֆը, մինչ Հայր Ռոմանելլին կը յայտարարէր թէ հեռաձայնային կապ հաստատողը «մեր սիրելի Քահանայապետն է», իր շուրջ համախմբելով ընտանիքներն ու մասնաւորապէս մանուկները զոր Քահանայապետը ողջունեց իր ձեռքը շարժելով։
«Ձեզի կ՛ուզեն շնորհակալութիւն յայտնել, կ՛աղօթեն ձեզի համար, որովհետեւ դուք միշտ իրենց համար կ՛աղօթէք» ըսաւ ապա Հայր Եուսուսֆը եւ Սրբազան Պապը պատասխանեց. «Շատ լաւ բայց թող աղօթեն ի նպաստ, ոչ թէ հակառակ»։
«Շուքրան», շնորհակալութիւն ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը որ հակառակ իր 88 տարեկանին ուզեց նորաձեւ հաղորդակցութեան միջոցներու միջոցաւ յայտնել իր «մօտիկութիւնը», մօտիկութիւն` որ Աստուծոյ յատկանիշներէն մին է, կարեկցութեան ու քնքշութեան հետ միասին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
