Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը դատական ատեանի անդամներուն

Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Աթոռի '«Ռոթա Ռոմանա», դատական ատեանի անդամներըուն

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 31 յունուարին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սուրբ Աթոռի «Ռոթա Ռոմանա», դատական ատեանի անդամները, դատական տարւոյն բացման առթիւ։

Արտասանած ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ իր գոհունակութիւնը յայտնեց դատական ատեանի անդամներուն կատարած աշխատանքներուն համար ու յիշեց «Mitis Iudex Dominus Iesus» e «Mitis et Misericors Iesus» երկու փաստաթուղթերուն 10-րդ տարեդարձը, որոնք բարեփոխեցին ամուսնութիւնը անվաւեր դարձնելու դատավարութիւնը ու այս առումով Սրբազան Հայրը յիշեցուց թէ 2014ին, Սինոդի հայրերուն կողմէ պահանջուած այդ բարեփոխումը նպատակ ունի աւելի մատչելի դարձնելու գործընթացները՝ արձագանգելով եկեղեցւոյ հովուական ծառայութեան կարիքներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ընդգծեց թեմական եպիսկոպոսներուն կեդրոնական դերը արդարադատութեան իրականացման գործընթացին մէջ խրախուսելով եպիսկոպոսները ապահովուելու ընթացակարգերու ձրիութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց լաւ պատրաստուած պաշտօնեաներ ունենալու կարեւորութիւնը եւ հոգիներուն փրկութեան նպաստող մերձեցումի կարեւորութիւնը։

«Ուզեցի որ բարեփոխումի կեդրոն ըլլայ թեմական եպիսկոպոսը, արդարեւ անոր կը պատկանի թեմին մէջ արդարութիւնը մատակարարելու պատասխանատուութիւնը՝ ըլլա, որպէս դատարաններուն մօտիկութեան եւ հսկողութեան երաշխաւոր, ըլլայ որպէս դատաւոր, որ անձնապէս պէտք է որոշէ այն դէպքերը երբ անվաւերութիւնը ակնյայտ է» ըսաւ Սրբազան հայրը շեշտելով, որ կանոնները պէտք են երաշխաւորել հիմնական իրաւունքները ինչպէս նաեւ վաւերականութեան գործընթացը պէտք չէ որ բարդացնէ հաւատացեալներուն կեանքը, այլ ծառայէ ճշմարտութեան։ Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց նաեւ Սուրբ Պօղոս Զ-ը ընդգծելով որ բարեփոխումը նպատակ ունի դիւրացնելու գործընթացները չվնասելով արդարութեան ու ճշմարտութեան։

«Շատերուն համար, որոնք ապրեցան դժբախտ ամուսնութեան փորձառութիւն, ամուսնութեան վաւերականութեան ստուգումը կարեւոր հնարաւորութիւն է եւ այս մարդկանց պէտք է օգնել, որպէսզի հեշտ անցնեն այս ճանապարհը ու
ընթացակարգերը սահմանող կանոնները պէտք են որ երաշխաւորել որոշակի իրաւունքներ եւ սկզբունքներ, մասնաւորապէս պաշտպանութեան իրաւունքը եւ ամուսնութեան վաւերականութեան հաւանութիւնը», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը շեշտելով, որ դատավարութեան նպատակը ոչ թէ հաւատացեալներու կեանքը բարդացնել է այլ ճշմարտութեան ծառայութիւն մատուցանել է։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր խօսքը հրաւիրելով դատարանի անդամները իրենց պարտականութիւնները կատարելու խոհեմութեամբ եւ արդարութեամբ, ընդգծելով միջանձնային յարաբերութիւնները վերականգնելու իրենց աշխատանքի գեղեցկութիւնը ու այն յոյսը որ կը բերէ։ Հայցելով Աստուածային օրհնութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապ ինչպէս միշտ խնդրեց որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/01/2025, 10:52