Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Մալթայի հանրապետութեան նախագահը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրաենեակի հրապարակած յայտարարութեան մէջ կը նշուի որ ջերմ մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումի ընթացքին փոխադարձ երախտագիտութիւն յայտնուած է Սուրբ Աթոռի եւ Մալթայի հանրապետութեան միջեւ ամուր յարաբերութիւններուն համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 24 յունուարին, Վատիկանի առաքելական պալատին իր գրասենեակէն ներս, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Մալթայի հանրապետութեան նախագահ Տիկին Միրիամ Սփիթերին։ Նախագահը ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ ընկերակցութեամբ Պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութիւններուն քարտուղար, գերպ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերին։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ ջերմ մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումներուն փոխադարձ երախտագիտութիւն յայտնուած է Սուրբ Աթոռի եւ Մալթայի հանրապետութեան միջեւ երկկողմանի ամուր յարաբերութիւններուն համար, վերահաստատելով ընդհանուր հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներուն մէջ համագործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու յանձնառութիւնը։

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են միջազգային գետնի վրայ շարք մը նիւթեր յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով միջերկրականին մէջ տիրող իրավիճակիմ, Իսրաէլի եւ Պաղեստինի հակամարտութիւններուն, Ուքրանիոյ ճգնաժամին, ինչպէս նաեւ գաղթականութեան կապուած մարտահրաւէրներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/01/2025, 11:08