Քոյր Ռաֆաէլլա Փեթրինի նշանակուեցաւ Վատիկան քաղաք-պետութեան Կառավարութեան Նախագահ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ 15 փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Քոյր Ռաֆֆաէլլա Փեթրինին նշանակեց, Վատիկան քաղաք պետութեան քահանայապետական յանձնաժողովի նախագահ, ինչպէս նաեւ Վատիկան քաղաք պետութեան կառավարութեան նախագահ։ Քոյր Ռաֆֆաէլլա Փեթրինի, ներկայիս միեւնոյն կառավարութեան ընդհանուր քարտուղարն է։ Ան այս պաշտօնը պիտի ստանձնէ յառաջիկայ 1 մարտին։
Քոյր Ռաֆֆաէլլա Փեթրինիին ընտրութիւնը յայտարարուած էր յունուար 19ին, «Che tempo che fa» հեռատեսիլի հաղորդումի ժամանակ, Ֆրանչիսկոս Պապ, Ֆապիօ Ֆացիոյի տուած հարցազրոյցի ժամանակ։
Սուրբ Հաղորդութեան Ֆրանչիսկեան քոյրերու միաբանութեան անդամ եւ 2005 թուականէն Ժողովուրդներուն աւետարանացման համաժողովի պաշտօնեայ, Քոյր Ռաֆֆաէլլա Պերթինի ծնած է Հռոմ 1969ին, յունուար 15ին։ Ան ստացած է քաղաքական գիտութեան աստիճան, Կուտիօ Քարլի ազատ միջազգային համասպրանէն եւ տոքթորի կոչումը՝ Սուրբ Թովմաս քահանայապետական համալսարանէն։
2022էն վարած է Վատիկան քաղաք պետութեան ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը ու կը յաջորդէ Կարդինալ Ֆէրնանտօ Վէրկէզ Ալզակային, որ մէկ մարտին կը դառնայ 80 տարեկան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
