Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

6 մարտին Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի հանդիպի Հռոմի թեմի քահանաներուն հետ

Քահանայապետը դարձեալ կը հանդիպի Հռոմի թեմի կղերական դասին հետ, Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս տաճարին մէջ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապը Հռոմի թեմի քահանաներուն հետ, 2023 թուականին աւարտին եւ մինչեւ 2024 թուականի առաջին ամիսներուն հանդիպելէ ետք, Հռոմ քաղաքի տարբեր հատուածներուն վարչութիւններուն մէջ կազմակերպուած որոշ հանդիպումներու շնորհիւ պիտի վերադառնայ հանդիպելու Հռոմի թեմի կղերական դասին հետ, յառաջիկայ 6 մարտին 2025ին, Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքային մէջ։ Այս մասին յայտարարեց Հռոմի թեմը ընդգծելով, որ այսպէսով կը վերանորոգուի Քառասնորդացի առաջին հինգշաբթի օրուան աւանդութիւնը։

Հռոմի թեմին մէջ ծառայող թեմական քահանաներուն եւ կրօնաւորներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապին վերջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ 13 յունուար 2024ին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/02/2025, 10:07