Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը նախագահ Մաքրոնին՝ Արհեստական Բանականութեան վերաբերեալ Փարիզի գագաթնաժողովին առիթով
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը պատգամ մը յղած է Ֆրանսայի Նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնին, Փարիզի մէջ 10 եւ 11 Փետրուարին կայացած Արհեստական Բանականութեան նուիրուած գագաթնաժողովին առիթով, որուն մէջ Ան կարեւորած է այդ Բանականութեան վրայ երաշխաւորելու մարդկային հսկողութիւն մը, պաշտպանելու համար մարդկային արժանապատուութիւնը։
Սրբազան Պապը ընդունելով Արհեստական Բանականութեան դրական իրողութիւնը կը նշէ թէ ան կարող է նաեւ դառնալ սպառնալիք եթէ օգտագործուի առանց վերապահութեան ու առանց համարժէք նախազգուշական միջոցներու, ապա գոհունակութիւն կը յայտնէ այն ջանքերուն համար` ներգրաւելու տարբեր շահագրգիռ կողմերը այնպիսի քննարկման մը մէջ, որ «ուղղուած է ԱԲ օգտագործումը կարգաւորելու բարոյական կարգով», եւ ասկէ մեկնելով գագաթնաժողովի մասնակիցներուն կոչ կ՛ուղղէ «չմոռնալու` թէ միայն մարդու սրտէն է, որ կը բխի անոր գոյութեան իմաստը», յղում կատարելով նաեւ ֆրանսացի մեծ փիլիսոփայ Ժաք Մարիթէնի բանականութեան մասին խօսքերուն «Սէրը աւելին կ՛արժէ, քան խելքը»։
Ան ապա կը խրախուէ զանազանութիւն դնել «ալկորիթմերու» եւ մարդկային սրտին միջեւ, շեշտը դնելով այն իրականութեան վրայ, որ գոյութեան իմաստը կը բխի զգացումներէն եւ մարդկային արժէքներէն, ինչպիսին է սէրը, ապա կը քաջալերէ գագաթնաժողովին մասնակիցները ԱԲ նկատելու որպէս դրական գործիք ի նպաստ հասարակաց բարիքին, որ կարող է նպաստել էքո-կայունութեան և պայքարիլ աղքատութեան դէմ՝ միաժամանակ պահպանելով մշակութային բազմազանութիւնը: Առանց անտեսելու Արհեստական Բանականութեան ենթակառուցուածքներու շահագործման հետ կապուած ուժանիւթի սպառումը։
Սրբազան Պապը հուսկ կը մէջբերէ Արհեստական Բանականութեան նուիրուած 2024ի Խաղաղութեան Համաշխարհային Օրուայ պատգամէն հատուած մը, ուր ինք նշած էր` թէ «Արհեստական Բանականութեան կարգաւորման վերաբերեալ բանավէճերուն մէջ պէտք է հաշուի առնել բոլոր շահագրգիռ կողմերու ձայնը, այդ ծիրէն ներս՝ աղքատներուն, լուսանցքայիններուն և այլոց, որոնք յաճախ անտեսուած են ընդհանուր որոշումներու կայացման գործընթացներուն մէջ»:
Այս հեռանկարէն մեկնելով Նորին Սրբութիւնը կը մաղթէ` որ Փարիզի այս գագաթնաժողովը այնպէս ընէ, որ կարելի ըլլայ «ստեղծել արհեստական բանականութեան վերաբերեալ հանրային հետաքրքրութիւններու հարթակ, այնպէս, որ իւրաքանչիւր ժողովուրդ կարողանայ արհեստական բանականութեան մէջ գտնել գործիք՝ մէկ կողմէն զարգացման և աղքատութեան դէմ պայքարի, իսկ միւս կողմէ՝ տեղական մշակոյթներու և լեզուներու պաշտպանութեան համար»:
«Միայն այս կերպով երկրագունդի բոլոր ժողովուրդները կը կարողանան նպաստել տուեալներուն ստեղծման, որոնք կ՛օգտագործուին արհեստականբանականութեան կողմէ՝ ներկայացնելով ողջ մարդկութեան բնորոշ իրական բազմազանութիւնն ու հարստութիւնը» կը գրթ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը պատգամին մէջ:
Քահանայապետը առ այդ ակնարկեց Սուրբ Աթոռի` Հաւատոյ Վարդապետութեան ու Մշակոյթի եւ Կրթութեան Վերատեսչութիւններու Արհեստական Բանականութեան վերաբերեալ անցեալ 28 Յունուարին հրատարակած միատեղ փաստաթուղթին մաղթելով` որ այս նիւթին շուրջ գումարուելիք յառաջիկայի գագաթնաժողովները նկատի առնեն եւ ուսումնասիրեն Արհեստական Բանականութեան սոցիալական ազդեցութիւնները մարդկային յարաբերութիւններուն վրայ՝ միաժամանակ մարդս դնելով արհեստագիտութեան մտահոգութիւններու կիզակէտ, քանի` որ «իրական մարտահրաւէրը է եւ կը մնայ միշտ մարդը: Չմոռնանք այս մէկը» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը Պատգամի աւարտին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
