Ֆրանչիսկոս Պապը Փալերմօ քաղաքին մէջ 2018ին Ֆրանչիսկոս Պապը Փալերմօ քաղաքին մէջ 2018ին  (Vatican Media)

Համալսարանը թող ըլլայ ներառնող. Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Պապին պատգամը Փալերմոյի համալսարանի ուսումնական տարուայ բացման առիթով։ Ուսումնասիրութեան միջոցաւ երիտասարդները պէտք է ընկղմուին իրականութեան մէջ, կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը և հաշուի առնեն անոր «անտեսուած կամ նետուած» մասերը, քանի որ «լուսանցքէն», է եւ ոչ թէ «ուժի կենտրոններէն», որ մարդս կը հասկնայ «ներկայի և ապագայի մեծ հարցերը»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Իւրաքանչիւր համալսարանին մէջ տեղի կ՛ունենայ «սերունդներու հանդիպում և փոխանակում. տարբեր մշակութային, քաղաքական և կրօնական զգացողութիւններու համակեցութիւն. տեղական և միջազգային իրականութեան միահիւսում; անձնական աճը յաջողութիւններու և ձախողումներու, տաղանդներու և թուլութիւններու միջոցաւ», մէկ խօսքով, համալսարանը «բազմազանութեան մէջ մեծ համայնք է», որտեղ հակադրողները կը հանդիպին ինչ որ «ամենէ շատ կը բացակայի ժամանակակից համակեցութեան մէջ». Սրբազան Պապին խօսքերն են ասոնք` որոնք պարունակուած են Անոր Փալերմօ քաղաքի Արքեպիսկոպոս գերապ. Քորրատօ Լորեֆիչէին ուղղած պատգամին մէջ, որ ընթերցուեցաւ Համալսարանի հիմնադրման 219-րդ ուսումնական տարուայ բացման առիթով, որ տեղի է ունեցաւ 8 Փետրուարի կէսօրէն ետքը։

Պատգամին մէջ Քահանայապետը կ՛ընդգծէ ներառնող համալսարանի մը կարեւորութիւնը ու կը հրաւիրէ աշակերտներն ու ուսուցչական կազմը մխրճուելու իրականութեան մէջ, նկատի առնելով այդ իրականութեան անտեսուած կամ վերացուած մասերը, որովհետեւ «լուսանցքներէն» եւ ոչ թէ «ուժի կենտրոններէն», որ մարդս կը հասկնայ «ներկայի և ապագայի մեծ հարցերը»։

Ան ապա `որպէս օրինակ կը ներկայացնէ նահատակներ դատաւոր Ռոզարիօ Լիվանթինոն եւ Հայր Փինօ Փուլյիչին ու կը հրաւիրէ հաւաքական քաջութիւն մը ունենալ` ծառայելու համար հասարակութեան, նպաստելու գիտելիքներու խթանման և ներգրաւելու տաղանդները։

Սրբազան Պապը կը յորդորէ ապա պահպանել որոշ դանդաղութիւն, կրթական գործընթացէն ներս, ի դէմ արուեստագիտութեան ու արհեստական բանականութեան արագութեան, հաստատելով` որ աճումը եւ փոփոխութիւնը կը պահանջեն ժամանակ ու թէ մարդկային բանականութիւնը կողմնորոշուած է բարիի որոնումին որ կ՛իրականանայ միայն միասին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/02/2025, 20:14