Որոնել

2025.02.19 Ricovero di Papa Francesco al Gemelli

Սրբազան Պապը այս գիշերը եւս խաղաղ անցուց

Փետրվարի 14-ից Հռոմի հիվանդանոցում հոսպիտալացված Ֆրանչեսկոն վեր կացավ և նախաճաշեց բազկաթոռի վրայ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Գիշերը խաղաղ անցաւ, Պապը արթննալէն ետք նախաճաշ ըրաւ բազկաթոռի վրայ»։ Այս տողերը կը կարդանք Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի «թելեկրամ» ընկերային ցանցի վրայ հրատարակած հակիրճ պատգամին մէջ որ հրատարակուեցաւ այսօր` 20 Փետրուարի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապին Ճեմելլի հիւանդանոց գտնուելուն եօթներորդ օրը, ուր Ան իր այս հիւանդութեան հանդէսրձ կը շարունակէ գործունէութիւնը, մինչ այդ աշխարհի տարբեր վայրերէն կը շարունակեն Քահանայապետի հասցէին` մօտիկութեան ու բարի ապաքինումի մաղթանքները ինչպէս նաեւ Նորին Սրբութեան համար աղօթքները։

«Բժիշկներու և առողջապահական անձնակազմի աշխատանքը Տիրոջ վստահելով՝ մենք սիրով կ՛ողջագուրենք Սրբազան Պապը», կը կարդանք Իտալիայի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակուեցաւ 19 Փետրուարին: Եպիսկոպոսները եկեղեցական համայնքները կը հրաւիրեն «աղօթքով աջակցելու Քահանայապետին, տառապանքի այս պահին» և նորոգելու իրենց «մօտիկութիւնը»։

Հռոմի Թեմին տեղակալ Արքեպիսկոպոսը Կարդինալ Պալտասսարէ Ռէյնան եւս նշեց թէ Իտալիոյ Մայրաքաղաքի հաւատացեալները «ուշադրութեամբ ու վստահութեամբ կը հետեւին իրենց Եպիսկոպոսի առողջական վիճակի լուրերուն» հաւատացեալներէն խնդրելով` որ այսօրուան պատարագը նուիրուի Ֆրանչիսկոս Պապին առողջութեան դիտաւորութեան։

Աշխարհի հեռաւոր վայրերէն եւս չեն պակսիր մօտիկութեան արտայայտութիւնները ինչպէս Ֆիլիփինեան կղզեխումբի Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասին կողմէ ձեռնարկուած աղօթքները ի նպաստ Նորին Սրբութեան շուտափոյթ ապաքինումին կամ Լիզպոնի Պատրիարք` Ռոյ Վալերիոն` որ նամակ մը յղած է բոլոր ժողովրդապետութիւններուն ու հասարակութիւններուն խնդրելով յատուկ աղօթքի դիտաւորութիւն մը աւելցնել Քահանայապետի առողջութեան համար «որպէսզի  Ան զօրանայ և մխիթարուի այս փխրուն պահին և կարողանայ վերսկսիլ իր նախկին պարտականութիւնները, աղօթենք, եղբայրներ» գրած է ի միջի այլոց Վալերիօ Պատրիարքը :

Ես կ՛ ուզեմ ձեզի «վստահեցնել իմ եւ անկլիքան բազմաթիւ հաւատացեալներու աղօթքները Ֆրանչիսկոս Պապին առողջութեան համար» շեշտեց Միացեալ Թագաւորութեան Եորքի Անկլիքան արքեպիսկոպոս Սթիվըն Քոթրելը Լոնտոնի կարդինալ արքեպիսկոպոս Վինսընթ Նիքոլսին ուղղած նամակի մը միջոցաւ, որուն պատասխանը ուղարկելով Կարդինալ Նիքլոս գրած է. «Գթութեամբ և եղբայրական հոգատարութեամբ լի ձեր խօսքերը, այն խոր կապերու վկայութիւնն են, որոնք մեզ իրար կը միացնեն Քրիստոսով»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/02/2025, 08:30