Որոնել

Al Gemelli massimo riserbo sul Papa ma c'� chi dice 'tranquilli'

Ֆրանչիսկոս Պապ Ճեմելլի հիւանդանոց մտաւ. Առողջական պայմանները չափաւոր կը նկատուին

Երեկոյեան ժամը 6,30ի ժամանակները հրապարակուած այլ հաղորդագրութեան մը մէջ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացուց` որ «վերջին օրերուն ցնցղատապի վատթարացումէն յետոյ Սրբազան Քահանայապետը ենթարկուեցաւ մասնագիտացուած հետազօտութիւններու և սկսաւ հիւանդանոցային դեղաբանական խնամքը։ Նախնական արդիւնքները ցոյց տուին շնչառական ուղիներու վարակ: Առողջական պայմանները չափաւոր են. Ան ունի թեթեւ ջերմութիւն։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Այսօր` 14 Փետրուար 2025-ին, Ֆրանչիսկոս Պապը, աւարտելէ ետք նախատեսուած պաշտօնական ունկնդրութիւնները փոխադրուեցաւ Ակոսթինօ Ճեմելլի բազմաբուժարան հիւանդանոց ախտորոշիչ հետաքննութիւններ կատարելու ու հիւանդանոցային միջավայրի մէջ շարունակելու ցնցղատապի բուժումները»։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը։

Նշենք` որ արդեն մի քանի օրերէ ի վեր է որ Ֆրանչիսկոս Պապը կը տառապի ցնցղատապի պատճառաւ որուն հետեւանքով ան չէր կարող կարդալ ունկնդրութիւններու ընթացքին նախատեսուած ճառերը ու պատարագի քարոզները։ Այս առաւօտ Ան ուզեց նախ աւարտել նախատեսուած հանդիպումները, որոնք կատարուեցան Տոմուս Սանթա Մարթային մէջ, որմէ ետքը փոխադրուեցաւ Ճեմելլի հիւնադանոց։

Աւելի ուշ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը` չեղեալ յայտարարեց վաղը 15 փետրուարին Նորին Սրբութեան յոբելենական Սուրբ Տարուան հրապարակային ունկնդրութիւնը ու տեղեկացուց, որ կիրակի 16 Փետրուարին, արուեստագէտներուն եւ մշակոյթի աշխարհին յոբելենական Սուրբ Պատարագը պիտի նախագահէ Կարդինալ Խօսէ Թոլենթինօ տէ Մէնտոնսա՝ կրթութեան եւ մշակոյթի վերատեսչութեան վերատեսուչը։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը չեղեալ յայտարարեց նաեւ Երկուշաբթի` 17 Փետրուարին, Չինէչիթային մէջ արուեստագէտներու հետ նախատեսուած հանդիպումը, Ֆրանչիսկոս Պապին մասնակցելու անկարողութեան պատճառաւ։

Երեկոյեան ժամը 6,30ի ժամանակները հրապարակուած այլ հաղորդագրութեան մը մէջ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացուց` որ «վերջին օրերուն ցնցղատապի վատթարացումէն յետոյ Սրբազան Քահանայապետը ենթարկուեցաւ մասնագիտացուած հետազօտութիւններու և սկսաւ հիւանդանոցային դեղաբանական խնամքը։ Նախնական արդիւնքները ցոյց տուին շնչառական ուղիներու վարակ: Առողջական պայմանները չափաւոր են. Ան ունի թեթեւ ջերմութիւն։

Թարմացում` ժամը 18,48

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/02/2025, 11:08