Որոնել

Il Papa resta in ospedale, 'Quadro clinico complesso'

Քահանայապետը հիւանդանոցի մէջ չորրորդ գիշերը եւս անցուց անդորր

«Ան այսօր առաւօտեան արթննալէն ետքը, նախաճաշ ըրաւ ու սովորութեան համաձայն նուիրուեցաւ թերթերու ընթերցանութեան։ Հաւանական է որ կէսօրէն ետքը` ժամը 18-19, բժշկական յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենանք» ըսաւ Մաթթէօ Պրունին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապին առողջական վիճակը ներկայացնելով` երեքշաբթի 18 փետրուարի կէսօրուայ ժամանակներուն Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը տիար Մաթթէօ Պրունի լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումի նշեց` որ Քահանայապետը «գիշերը անցուցած է անդորրութեամբ։ Ան այսօր առաւօտեան արթննալէն ետքը, նախաճաշ ըրաւ ու սովորութեան համաձայն նուիրուեցաւ թերթերու ընթերցանութեան։ Հաւանական է որ կէսօրէն ետքը` ժամը 18-19, բժշկական յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենանք։ Առ այժմ այդ մասին նորութիւններ չունիմ։ Երեկոյեան յաւելեալ տեղեկութիւններ կ՛ըլլան բժշկական մասի վերաբերեալ» ըսաւ ի միջի այլոց Պրունին։

Ֆրանչիսկոս Պապը մինչ այդ հարիւրաւոր պատգամներ կը ստանայ` շուտափոյթ ապաքինումի մաղթանքներով, ինչպէս նաև նկարներ և բացիկներ։ Անոնց շարքին յատկապէս Gemelli-ի մէջ խնամք ստացող մանուկներէն ու մասնաւորապէս՝ ուռուցքաբանական բաժանմունքին մէջ գտնուող մանուկներէն որոնք, կը գտնուին Քահանայապետի յարկին վրայ եւ զոր Նորին Սրբութիւնը յաճախ այցելած է հիւանդանոցի մէջ իր նախկին բուժումներուն առիթով։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/02/2025, 13:05