Ամենուրէք թող լռեն զէնքերը եւ ունկնդրուի խաղաղութիւն հայցող ժողովուրդներուն աղաղակը. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի` 9 Փետրուար 2025-ի առաւօտեան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ Զինեալ ուժերու յոբելեանին նուիրուած նախագահած պատարագէն ետքը Նորին Սրբութիւնը նոյն վայրէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը եւ աղօթքէն առաջ ուզեց ողջունել բոլոր ներկաները ու շնորհակալութիւն յայտնել պատկան իշխանութիւններուն ինչպէս նեաւ զինուրական մատրանապաետներու ու առաջնորդներուն անոնց հովուական ծառայութեան համար։
«Ողջոյնս կ՛ընդլայնեմ ապա աշխարհի բոլոր զինուորականներուն և կը ցանկամ յիշեցնել Եկեղեցւոյ այս հարցին վերաբերող ուսուցումը: Վատիկանի Երկրորդ տիեզերական Ժողովը կ՛ըսէ. «Անոնք, որոնք իրենց մասնագիտութիւնը կ՛իրականացնեն բանակին մէջ, ծառայելով իրենց երկրին, պէտք է իրենք զիրենք համարեն նաև իրենց ժողովուրդներու անվտանգութեան և ազատութեան ծառաները» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հաստատելով, որ այս «զինեալ ծառայութիւնը պէտք է կիրարկուի միայն օրինական ինքնապաշտպանութեան համար, եւ ոչ երբեք գերիշխանութիւն պարտադրելու այլ ազգերու վրայ»։
«Այս մէկը յարգելով հակամարտութիւններու վերաբերեալ միջազգային համաձայնագիրերը։ Եւ առաջին հերթին Արարչագործութեան կեանքի սրբազան յարգանքով» աւելցուց Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց նաեւ աղօթել խաղաղութեան համար, մարտիրոս Ուքրանիոյ, Պաղեստինի, Իսրայէլի, Միանմարի ու համայն Միջին Արեւելքի մէջ, ինչպէս նաեւ Քիվույի ու Սուտանի մէջ։
«Ամենուրէք թող լռեն զէնքերը եւ ունկնդրուի խաղաղութիւն հայցող ժողովուրդներուն աղաղակը» յարեց հուսկ Սրբազան Պապը այս աղօթքը յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամի` Խաղաղութեան Թագուհիին բարեխօսութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
