Որոնել

  Կաշառակերութեան դէմ պայքար Կաշառակերութեան դէմ պայքար 

Սուրբ Աթոռը ԵԱՀԿ-ին. Կաշառակերութեան ահազանգ, երկիրները պէտք է գործեն թափանցիկութեամբ։

«Քովիտ 19 ժահրի համաճարակի պատճառաւ ականատես եղանք ընկերային, տնտեսական եւ բնապահպանական շօշափելի յեղաշրջումներու որոնց ըլլայ անհատական ըլլայ ազգային եւ միջազգային գետնի վրայ, կարիքը ունին աւելի մեծ ուշադրութեան՝ պայքարելու համար կաշառակերութեան երեւոյթին դէմ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Թափանցիկութիւն, ազնուութիւնը, վստահութեան փոխ յարաբերութիւնը հաստատութիւններու եւ քաղաքացիներուն միջեւ, ասոնք են պայմանները կաշառակերութեան դէմ պայքարելու համար որ համաճարակի այս ժամանակաշրջանին կարող է տարածուիլ։

Ահազանգը հնչեցուց ԵԱՀԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ գերապայծառ Եանուշ Ուրպանչիքին, որ ելոյթ ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի բնապահանական ու տնտեսական 28–րդ Ֆորումին, որուն բնաբանն է «Անվտանգութեան, կայունութեան և տնտեսական աճի խթանում ՝ կանխելով և պայքարելով կաշառակերութեան դէմ,  նորարարութեան միջոցաւ եւ աւելացնելով, թափանցիկութիւնն ու թուայնացումը»

«Քովիտ 19 ժահրի համաճարակի պատճառաւ ականատես եղանք ընկերային, տնտեսական եւ բնապահպանական շօշափելի յեղաշրջումներու, որոնք ըլլայ  անհատական, ըլլայ ազգային, ըլլայ միջազգային գետնի վրայ, կարիքը ունին աւելի մեծ ուշադրութեան՝ պայքարելու համար կաշառակերութեան երեւոյթին դէմ» նշուած է Սուրբ Աթոռի ներկայացուցած տեղեկագիրին մէջ, ուր կ՛ընդգծուի կաշառակերութեան սպառնալիքը ու անոր յառաջացուցած անկայունութիւնը։

«Կաշառակերութիւնը ծանր վնասներ կը հասցնէ ընկերութեան ու  բոլորին, խաթարելով փոխադարձ վստահութիւնը, փճացնելով թափանցիկութիւնը և կասկածներու տակ դնելով  ողջ իրաւական և ընկերային համակարգի հաւաստիութիւնը» գրուած է միշտ տեղեկագիրին մէջ ուր մէջբերուած է նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին 18 մարտ 2019-ին արտասանած խօսքերը ուր  ան  կը հաստատէ՝ թէ «կաշառակերութիւնը կը  քայքայէ անհատի արժանապատուութիւնը և կը փճացնէ բոլոր լաւ և գեղեցիկ իտէալները: Հասարակութիւնը, իր ամբողջութեամբ, կանչուած է ստանձնելու գործնական յանձնառում՝ հակազդելու համար կաշառակերութեան քաղցկեղին»։

Սուրբ Աթոռը ապա կը խրախուսէ բոլոր անոնք որոնք  հանրային հարցերով կը զբաղին եւ զանոնք կը մատակարարեն, գործելու թափանցիկութեամբ եւ ազնւութեամբ, խթանելով հաստատութիւններու եւ քաղաքացիներու միջեւ վստահութիւնը։  Սուրբ Աթոռը ապա կը զգուշացնէ կառավարութիւնները այս համաճարակի տագնապալից ժամանակաշրջանին հսկելու որպէսզի առիթ չի ընծայուի կաշառակերութեան երեւոյթին։

Ի վերջոյ  Սուրբ Աթոռի պատուիրակութիւնը  մաղթանք կը յայտնէ որպէսզի կաշառակերութեան դէմ պայքարելու լուծումները ըլլան միշտ ի նպաստ ու  փնտռեն հասարակաց բարիքը եւ մարդկային համապարփակ զարգացումը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/06/2020, 07:26