Վաիտկանի Ռատիոն Վաիտկանի Ռատիոն 

Անտրէա Թորնիելլիի խմբագրականը «Վատիկանի Ռատիոյին 90 ամեակը, առաքելութեան մը պատճառները։»

Վատիկանի Հաղորդակցութեան Բաժանմունքի խմբագրական ընդհանուր տնօրէն՝ Անտրէա Թորնիելլի խմբագրականը։

Անտրէա Թորնիելլի - Վատիկան

Վատիկանի Ռատիոն, հիմնուած է հեռատես իմաստութեամբ, ան կը գտնուի Պապին մտածումի եւ ձայնին սպասարկութեան ներքոյ, արագօրէն եւ արդիւնաւէտօրէն տարածելու համար անոր արձագանքները, ան առաքելական աթոռին պերճախօս հաստատումն է, քահանայապետական վարդապետութեանն տարածումի միջոց։

Ունկնդրէ լուրը

Սկիզբէն ի վեր այս նորարար թեքնիքի  պտուղը եղած է նաեւ ժողովուրդներու միջեւ փոխադարձ միութեան ծառայութեան ի սպաս, իր եղբայրութեան համընդհանուր նշանակութեան համար։

Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Պապին, 12 փետրուար 1961ին, արտասանած խօսքը անձեռնմխելի պահեց իր արդիականութիւնը այս օրերուն երբ Վատիկանի Ռատիոն կը նշէ իր 90 ամեակը  ու եկեղեցին կ՝իւրացնէ Ֆրանչիսկոս Պապին Fratelli tutti” շրջաբերականի պատգամը։

Պիոս ԺԶ Պապին կողմէ խնդրուած այս ռատիոկայանի յատուկ տարեդարձը, հիմնուած Կուլիելմօ Մարքոնիի կողմէ եւ յանձնուած Յիսուսեան հայրերուն, կը զուգադիպի մարդկութեան պատմութեան դժուար պատմութեան, համաճարակի պատճառով։

Քորոնա ժահրի դէմ պայքարը որ կը վարակէ թոքերը, ինչպէս նաեւ անտարբերութեան ժահրին դէմ, որ յաճախ մեզի արգելք կ՝ըլլայ մենք մեզ եղբայրներ ճանչնալու, վերասահմանեցին ծրագրերը, ժամանակացոյցներն ու առաքելութեան իմաստը։

Քովիտ 19ի տարուան ընթացքին, Քահանայապետի Ռատիոն փորձեձ ցանց ստեղծել ու կապի մէջ մտնել կղզիացած անձերու հետ , ինքնամեկուսացումի հետեւանքով։Ան պատմեց բազմաթիւ  բարի ստեղծագործական  փորձառութիւններու մասին, որոնք յառաջացան են աշխարհի մէջ։

Կայ դրուագ մը, որ առաւել քան երբեք, նշեց Վատիկանի Ռատիոյի պատմութիւնն է վերջին տարուան ընթացքին։ Վկայութիւնն է Հայր Լուիճի Մաքալիին, որ երկու տարի  եղաւ բանտարկեալը  Նիճերի եւ Մալի միջեւ ժիհատիստներուն։ Միսիոնարը ունեցած էր Փոքրիկ ռատիօ մը տրուած բանտարկեալներու կողմէ .« ամէն շաբաթ օր կրցած  եմ ունկնդրել Վատիկանի Ռատիոյին աւետարանի մեկնութիւնը։ Անգամ մը նաեւ  ուղիղ սփռուած Պատարագը, 2020 թուականի Ֆրանչիսկոս Պապին Պենտեկոստէի սուրբ Պատարագը։

Այս բառերուն մէջ կը վերագտնենք պատճառները Ռատիոկայանի մատուցած ծառայութեան, անոր թեքնիքներու, եւ 69 երկիրներէն ժամանած խմբագիրներուն, որոնք ամէն օրէ կը սփռեն Սուրբ Պետրոսի յաջորդին պատգամը, աշխարհի մէջ եկեղեցւոյ կեանքի դրուագներ,տարբեր Լեզուներով  

Վտանգներ որոնցմէ զգուշացուց ֆրանչիսկոս Պապը 2019ին սեպտեմբերին ընդունելով հաղորդակցութեան ժողովը։ Ինչպէ՞ս պէտք է ըլլայ հաղորդակցութիւնը, բան մը որ դուք պէտք չէ որ կատարէք, գովազդը։ Պէտք չէ կատարել ինչ որ  կը կատարեն մարդկային ընկերութիւնները որոնք կը փնտռեն աւելի մարդ ունենալ։ Ես պիտի ուզէի որ մեր հաղորդակցութիւնը քրիստոնէական ըլլայ եւ ոչ մարդորսորդութեան գործօն։

Հետեւելով այս ցուցմունքին, Վատիկանի Ռատիոն կը շարունակէ փոխանցել Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը բազմաթիւ հայր Մաքալիներուն, որոնք մոլորակ երկրին շատ մը անկիններուն մէջ կ՝այրեն իրենց կեանքը Աւետարանի համար։ Եւ կը պատմէ աշխարհին, բոլորին ուշադրութեան յանձնելով անոնց պատմութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/02/2021, 11:26