Ռատիօ Վատիկանի 90 ամեակը՝ Քահանայապետի ձայնը համայն աշխարհին մէջ

Ձայնասփիւռը ծրագրուած ու կառուցուած է Պիոս ԺԱ Քահանայապետի կամքով՝ գիւտարար Կուլիելմօ Մարքոնիի կողմէ՝ 1931-ին, նպատակ ունենալով Աւետարանի յոյսը եւ Քահանայապետի ձայնը տարածել համայն աշխարհին մէջ։ Այս կարեւոր Յոբելենական տարւոյն առթիւ Վատիկանի Ռատիօն կը դառնայ նաեւ «Web radio»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վատիկանի Ռատիօն կը դառնայ 90 տարեկան , կարեւոր իրադարձութիւն մը, որ ձեռք կը բերուի Ֆրանչիսկոս Պապին կամքով սկիզբ առած Սուրբ Աթոռի լրատուամիջոցներու բարեփոխումներու ընթացքին։

Ռատիօ Վատիկանի 41 լեզուները

Ձայնասփիւռը այսօր կը խօսի 41 լեզուներ (Ապաներէն, Ամհարերէն, Արաբերէն, Հայերէն,  Պելառուսերէն, Պրազիլերէն, Պուլկարերեն, Չեխերէն, Չինարէն, Խորուաթերէն, Էվոնտոներէն, Էսպերանտոներէն, Ֆրանսերէն, Հինդի, Անգլերէն, Իտալերէն, Քիքոնկոներէն, Կինյարվանտաներէն, Կիրունտիներէն, Քիսուահիլիներէն, Լատիներէն, Լատւիաներէն, Լինգալա, Լիտվերէն, Մալայալամ, Մալագասերէն, Լեհերէն, Փորթուկալներէն, Ռումաներէն , Ռուսերէն, Սլովաքերէն, Սլովեներէն, Սոմալիերէն, Սպաներէն, Թամիլերէն, Գերմաներէն, Տիգրինյա, Տշիլուբա, Ուկրաներէն, Հունգարերէն, Վիետնամերէն):

Ռուֆֆինի. Ռատիովատիկանի առաքելութիւնը ծառայութիւն է

«Մենք  այս պատմական իրադարձութիւնը կը նշենք մեծ  երախտագիտութեամբ ՝ մեզմէ առաջ եկող եւ աշխատանքը իրագործողներուն նկատմամբ, ու միաժամանակ հայեացքը ունենալով դէպի յառաջ» յայտարարեց ՝ Տիար Փաոլօ Ռուֆֆինի Վատիկանի հաղորդակցութեան Բաժանմունքի կառավարիչը,  Վատիկանի Ռատիոյի 90 ամեակին առթիւ, աւելցնելով, որ  «Ռատիօն այն միջոցն է, որ ժամանակի ընթացքին կարողացած  է բարեփոխուիլ, առանց սակայն կորսնցնելու իր արժէքն ու հմայքը»:

«Ռատիոյին գեղեցկութիւնը կը կայանայ այն բանի մէջ թէ ան կը մտնէ քու խորքիդ մէջ, որովհետեւ դուն կը լսես ձայնը։ Կը կեդրոնանաս ձայնին վրայ։ Ռատիօն արագընթաց չէ։ Ուշադրութեան կարիքը ունի։ Ռատիօ Վատիկանը այսօր ծրագրուած է դէպի ապագայ, շարունակելով պահպանել իր ինքնութիւնը եւ ինքնատիպութիւնը» նշած է միշտ Տիար Ռուֆֆինի հաստատելով, որ Անոր հիմնադրի Պիոս ԺԱ Քահանայապետին կամքով եւ Յիսուսեաններու միաբանութեան գործունէութեամբ իրականացուած Ռատիոյի «DNA»ին մէջ ներկայ է ծառայութիւնը՝ ի սպաս,եկեղեցւոյ, Քահանայապետին եւ մարդուն, այնտեղ ուր ալ որ գտնուի, եւ որեւէ կրօնի կամ մշակոյթի որ պատկանի։

Պատմութեան հոլովոյթին միսիոներական հեռանկարով

Մեր այսօր տօնախմբած յոբելեանը պատմութիւնն մըն է որ գործնականի մէջ անցաւ քսաներորդ դարի ողջ ընթացքէն, որ դիմակայեց Ֆաշիզմը եւ համայնավարութիւնը, որ յաղթահարեց Բ համաշխարհային պատերազմը ու նաեւ պաղ պատերազմը,

Ան ապա հեռանկարն է միսիոներական ապագայի մը, հիմնուած արտասանուած եւ ունկնդրուած խօսքի բարի ուժին վրայ։

Ռատիովատիկանը Վատիկան Նիուզի ծառին արմատ

Ռատիօ Վատիկանը հուսկ այն զօրեղ արմատն է  որուն  վրայ կ՛աճի Վատիկան Նիուզի ծառը, կայքէջը, որ 43 լեզուներով կը պատմէ Եկեղեցւոյ պատմութիւններ եւ Քահանայապետին վարդապետութիւնը եւ որ 2020 տարուայ ընթացքին համայն աշխարհի մէջ  ունեցաւ 250 միլիոն կարդացուած էջեր։

 «Web radio» ծրագիրը՝ Ամէն մէկ լեզու մէկ ռատիօ

Մինչ այս  օրերուն ծնունդ առնող «Web radio» ծրագիրը հնարաւորութիւն պիտի տայ որեւէ մէկուն, իր բջիջային հեռախօսէն կամ համակարգիչի միջոցաւ իր լեզուով ունկնդրելու  Ռատիօ Վատիկանը։

«Ամէն մէկ լեզու մէկ Ռատիօ, յայտագիր, եւ կապ որ կ՛ամրապնդուի ունկնդիրներուն հետ։ Այլ փոքրիկ քայլ մը, Հաղորդակցութեան Բաժանմունքի ուղեւորութեան մէջ, որ այս տարի պիտի տօնէ նաեւ այլ կարեւոր յոբելեաններ, ինչպէս vatican.va կայքին  25 ամեակը, L’Osservatore Romano-ի 160 ամեակը, միշտ նայելով ու միասին կառուցելով ապագան» ըսաւ միշտ Տիար Փաոլօ Ռուֆֆինի Վատիկանի հաղորդակցութեան Բաժանմունքի կառավարիչը։

Մեր առաքելութիւնն է ոչ մէկը թողուլ առանձին 

Վատիկանի Ռատիոյի պատասխանատու՝ Մասսիմիլիանօ Մենիքեթթի, 90 ամեակին առթիւ հրապարակած խմբագրականին մէջ կը նշէ թէ «90 ամեակը կը տօնախմբենք մինչ ընթացքի մէջ է համայն մարդկութիւնը յուզող ամենամեծ փորձանքներէն մին՝ Քովիտ 19 համաճարակի պատճառաւ։  Մեր առաքելութիւնն է ոչ մէկը թողուլ առանձին եւ տարածել քրիստոնէական աւետիսին յոյսը, Քահանայապետին ձայնը ու իրադարձութիւնները ներկայացնել Աւետարանի լոյսին տակ, եւ այս մեր ապրած պահը մեզի աւելիով կը հարցաքննէ ու մեզ մարտահրաւէր կը նետէ»։

Պատմել մօտիկութեան, փրկարար օգնութեան, զօրակցութեան պատմութիւններ

«Այս ամիսներուն տեղեկատուութեան հետ միասին կը շարունակենք ընկալել եւ պատմել մօտիկութեան, փրկարար օգնութեան, զօրակցութեան պատմութիւններ, կը տարածենք հոգեւորականութիւն եւ ի յայտ կը դնենք Եկեղեցւոյ դիմագիծը ու դիմագիծը ընկերութեան այն խաւին որ կամուրջներ կը կառուցէ, յաճախ լռելեան կերպով, ապա կ՛օգնէ եւ կը ներառէ» գրած է Մենիքեթթի իր խմբագրականին մէջ ընդգծելով, թէ ինչպէս Քահանայապետական ձայնասփիւռը վերջին տարներուն փոփոխութեան ենթարկուեցաւ ի տես նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին ներմուծած բարեփոխումներուն, որոնք «մեզ մղեցին նոր հորիզոններու»։

69 ազգութիւններէ անհատներ մաս են անձնակազմին

 Ռատիօ Վատիկանի անձնակազմին մաս կը կազմեն 69 ազգութիւններէ լրագրողներ, որոնց կը պարտինք Ռատիօ Վատիկանի առաքելութեան յաջողութիւնը ինչպէս նաեւ յառաջիկայ 12 Փետրուարին ծնունդ առնող « Web radio» ի ծրագիրը (https://www.vaticannews.va/it/epg.html),  որ սկզբնական շրջանին պիտի թողարկուի Իտալերէն, Ֆրանսերէն, Անգլերէն, Սպաներէն, Փորթուկալներէն Գերմաներէն եւ Հայրերէն լեզուներով։

“Մեր առաքելութիւնը եղած է եւ կը մնայ այն ինչ որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յաճախ կը կրկնէ. հասնիլ աշխարհի արուարձանները։”

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/02/2021, 12:30