Որոնել

Հիրոշիմայի ադոմական ռումբը Հիրոշիմայի ադոմական ռումբը  (©lukszczepanski - stock.adobe.com)

Գերապայծառ Կալլակէրը ՄԱԿ-ին. Մարդկութիւնը կ՛ուզէ աշխարհ մը առանց միջուկային զէնքերու։

Միջուկային զէնքերու ամբողջական վերացման միջազգային օրուան առիթով Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու հետ համագործակցութեան Քարտուղարը ՄԱԿ-ի մէջ ունեցած իր զեկոյցով յիշեցուց թէ ինչպէս ռազմական ծախսերը կը զբաղեցնեն կենսամիջոցներ, որոնք կարելի է փոխակերպել օգնութիւններու։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մարդկութիւնը պնդումով կոչ կ՛ընէ վերացնելու համար միջուկային զէնքերը, և միջազգային հասարակութիւնը պէտք է շարունակէ իր յանձնառութիւնը ՝ աշխարհը ազատելու համար ադոմական պատերազմի սպառնալիքէն»։ Այս ընդգծումը կատարած է Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը` Գերապայծառ Փոլ Կալլակէր, ՄԱԿ-ի մէջ ունեցած իր ելոյթի ընթացքին, Միջուկային զէնքերու ամբողջական վերացման միջազգային օրուան առիթով։

Գերապայծառ Կալլակէր յիշեցուցած է Սուրբ Աթոռին դիրքը ու մէջբերած է «Pacem in terris - Խաղաղութիւն Երկրի վրայ» Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետին շրջաբերականէն խօսքեր, թէ «խաղաղութիւնը չի կայանար զէնքերու արդար բաշխումի մէջ, այլ միայն փոխադարձ վստահութեան մէջ» այս ուղղութեամբ կոչ ուղղելով նուազեցնելու ռազմական ծախսերը ու զանոնք դնելու ի շահ մարդկութեան կարիքները գոհացնելու ու գոհացնելու նաեւ մեր հասարակաց տան կարիքները»։

Այնպէս ինչպէս Ֆրանչիսկոս Պապը յիշեցուցած է «Fratelli Tutti» շրջաբերականին մէջ, «այս ռազմական ծախսերը պէտք է համախմբել համաշխարհային հիմնադրամի մը մէջ` ամենաաղքատ երկիրներու զարգացումը խթանելու համար», ըսաւ ապա Գերապայծառ Կալլակէր Սուրբ Աթոռին խնդակցութիւնները փոխանցելով ՄԱԿ-ի անդամ այն 122 երկիրներուն, որոնք ստորագրեցին միջուկային զէնքերու արգիլման համաձայնագիրը, որ ուժի մէջ մտաւ անցեալ Յունուարին, այս առնչութեամբ քաջալերելով մնացած երկիները` իրենց կարգին ստորագրելու այդ կարեւոր համաձայնագիրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/09/2021, 09:00