Որոնել

Կարդինալ` Ուրոզա Սավինօ Կարդինալ` Ուրոզա Սավինօ 

Հոգին աւանդեց առ Հայր Վենեզուելլացի Կարդինալ` Ուրոզա Սավինոն, զոհ` Քովիտ 19 ժահրին։

Կարդինալ Ուրոզա Սավինօ եղած է համակեցութեան եւ երկխօսութեան անխոնջ գործիչներէն մին եւ ի տես Վենեզուելլայի տնտեսական ու քաղաքական տագնապին ու մօտիկ ըլլալով ժողովուրդի տառապանքին քանիցս հրաւէր ուղղած է քաղաքական պատասխանատուներուն միասին աշխատելու ի սպաս հասարակաց բարիքին եւ ճգնաժամի խաղաղ լուծում որոնելու նպատակով։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

79 ամեայ Կարդինալ Եորկէ Ուրոզա Սավինոն` Քարաքասի երբեմնի արքեպիսկոպոսը, 23 սեպտեմբերին հոգին աւանդեց առ Հայր։ Լուրը կը հաղորդէ Վենեզուելլայի Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասը։

Ան օգոստոսի աւարտին քովիտ-19 ժահրէն վարակուելուն պատճառաւ փոխադրուեցաւ է Քարաքասի հիւանդանոց ուr սակայն անոր առողջապահական վիճակը երթալով վատթարացաւ։

Կարդինալ Ուրոզա Սավինօ եղած է համակեցութեան եւ երկխօսութեան անխոնջ գործիչներէն մէկը, որ ի տես Վենեզուելլայի տնտեսական ու քաղաքական տագնապին ու մօտիկ ըլլալով ժողովուրդի տառապանքին բազմիցս հրաւէր ուղղած է քաղաքական պատասխանատուներուն միասին աշխատելու ի սպաս հասարակաց բարիքին եւ ճգնաժամի խաղաղ լուծում որոնելու նպատակով։

Կենսագրական

1942ի ծնունդ Կարդինալ Ուրոզա Սավինօ  Քահանայ ձեռնադրուած է 15 օգոստոս 1967-ին։ Ան եղած է հիմնադիրը «Casa de Tabla» Աւետարանութեան Կեդրոնին ու Ամենասուրբ Երրորդութեան կրօնական փոխանորդութեան։ Եղած է համալսարանական դասատու, Նորընծայարանի մեծաւոր եւ զբաղեցուցած է այլ եկեղեցական պաշտօններ։

3 յուլիս 1982 ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը զինք կ՛անուանէ Քարաքասի օգնական եպիսկոպոս եւ նոյն տարուայ 22 սեպտեմբերին ան կ՜ընդունի եպիսկոպոսական օծումը։

17 մարտ 1990ին կը դառնայ Վալենսիայի Արքեպիսկոպոս։ 19 սեպտեմբեր 2005ին Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետը զինք անուանեց Քարաքասի Արքեպիսկոպոս անոր շնորհելով նաեւ Կարդինալական տիտղոսը` 24 մարտ 2006ին։ 2013 ին մասնակցած է Պապընտիր Կարդինալական ժողովին։

Քահանայապետին ցաւակցութիւնները

Ի լուր Կարդինալ Ուրոզա Սավինոյի մահուան, Ֆրանչիսկոս Պապը ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Քարաքասի Արքեպիսկոպոսին անորմէ խնդրելով, որ իր ցաւակցութիւնները փոխանցէ հանգուցեալի հարազատներուն ու բոլոր եկեղեցական հասարակութեան անդամներուն։

Նորին Սրբութիւնը յիշելով նուիրեալ Հովիւը որ կեանքը նուիրեց «Աստուծոյ ու Եկեղեցւոյ ծառայութեան» հայցեց որ Յիսուս Տէրը անոր շնորհէ «փառքի պսակը» ապա շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/09/2021, 09:00