Որոնել

Կլիմայական փոփոխութիւններ Կլիմայական փոփոխութիւններ 

Կալզկովի համաժողովին Սուրբ Աթոռի կողմէ մասնակցողը Կարդինալ Փարոլինն է։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն տեղեկացուած է, որ Սուրբ Աթոռի անունով Կլազկովի Կլիմայական փոփոխութիւններու COP26 Համագումարին կը մասնակցի Կարդինալ Փարոլինը։

Վատիկան Նիուզ

«Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը պիտի ըլլայ ան` որ պիտի գլխաւորէ Վատիկանեան Պատուիրակութիւնը Սքովտիոյ մէջ նախատեսուած ՄԱԿ-ի Կլիմայական փոփոխութիւններու «COP26» Համագումարին»։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը` պատասխանելով լրագրողներուն ուղղած հարցումներուն։

Համագումարի բացումը նախատեսուած հոկտեմբեր ամսուայ աւարտին` 31-ին Կլազկովի մէջ, ու պիտի տեւէ մինչեւ 12 նոյեմբերին, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն աշխարհի գրեթէ 200 ղեկավարներ` նպատակ ունենալով թարմացնել արտանետումներու նուազեցման ծրագրերը ` ընդհանուր տաքացումի մակարդակի յաղթահարման համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/10/2021, 13:30