Որոնել

Մէկ միլիոն մանուկներ վարդարանը կ՛աղօթեն Մէկ միլիոն մանուկներ վարդարանը կ՛աղօթեն 

Մէկ միլիոն մանուկներ վարդարանը կ՛աղօթեն. ՏԵՕ հիմնարկի քարոզարշաւը։

Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն քահանայապետական հիմնարկի «Մէկ միլիոն մանուկներ վարդարանը կ՛աղօթեն» ձեռնարկը նախատեսուած է 18 հոկտեմբերին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այս տարի եւս Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն քահանայապետկան հիմնարկը կազմակերպած է «Մէկ միլիոն մանուկներ վարդարանը կ՛աղօթեն խաղաղութեան եւ միութեան համար» ձեռնարկը։

Համընդհանուր այս աղօթքի օրը հասած է 15րդ փուլին ու ամէն տարի միասին կը համախմբէ աշխարհի հինգ ցամաքամասերէն մանուկներ, որոնք իւրաքանչիւրը իր լեզուով կ՛աղօթէ Սուրբ Վարդարանը, որպէս դիտաւորութիւն ունենալով խաղաղութիւնը եւ միութիւնը։ Անցեալ տարի աղօթքի դիտաւորութիւնը կեդրոնացաւ նաեւ առողջապահական ճգնաժամին ու անոր աւարտին վրայ։

Ծրագիներ թիկունք կանգնելու քրիստոնեայ մանկութեան հաւատքին

18 հոկտեմբերին նախատեսուած սոյն ձեռնարկը այս տարի կը միաւորուի բարերարներու կողմէ ֆինանսաւորուած ծրագիրներուն` թիկունք կանգնելու համար քրիստոնեայ մանկութեան հաւատքին, այն երկիրներուն մէջ ուր հալածանքը, խտրականութիւնն ու աղքատութիւնը կը սպառնան կրօնի ազատութեան։

Արդարեւ ՏԵՕ հիմնարկի առաջնահերթ մտահոգութիւններէն մին եղած է հաւատքի սնունդ մատակարարել այն մանուկներուն, որոնք կ՜ապրին թշուառ կացութեան մէջ։

Բազմաթիւ են ապա ՏԵՕ հիմնարկի օգնութեան ծրագիրները ըլլայ Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ ըլլայ այլուր, ուր օգնութիւններ եւ աջակցութիւն կ՛երաշխաւորուին մանուկներուն եւ երիտասարդներուն- որպէսզի անոնք կարողանան արժանավայել կերպով ապրիլ իրենց մանկութիւնը, ունենան ուսման հնարաւորութիւններ եւ աճին բարոյական սկզբունքներով։

ՏԵՕ հիմնարկի ծրագիրներուն մէջ ներառուած է նաեւ Հայաստանի Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Ծաղկաձորի մէջ ամէն տարի նախատեսուած ու պատանիներուն եւ երիտասարդներուն յատկացուած ամարային ճամբարը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/10/2021, 09:37