Որոնել

Վսեմաշուք Կարդինալ Սանտրին այցելեց Հալէպի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին ու հասարակութիւնը։

Առաջնորդ Միրիաթեանը հիւրերուն ներկայացուց Եկեղեցւոյ հակիրճ պատմութիւնը եւ շինարարութեան մանրամասնութիւնները Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովին որպէս նուէր մատուցելով ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ ռմբակոծման հետեւանքով վնասուած եկեղեցւոյ յենասիւնի կտորէ կազմուած խաչ մը՝ որպէս վերականգնուած առաջնորդանիստ տաճարի, հայութեան եւ Սուրիոյ բնակչութեան վերանորոգուած յոյսի եւ վերազարթօնքի խորհրդանիշ։

 

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրիա կատարած հովուական ճամբորդութեան ծիրէն ներս որ սկիզբ առած էր անցեալ հոկտեմբերի 25-ին եւ վերջ գտաւ Նոյեմբերի 3-ին, Արևելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Կառավարիչ` Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին 2 նոյեմբերին այցելեց Հալէպի Հայ Կաթողիկէ համայնքը ու դիմաւորուեցաւ տեղւոյն առաջնորդ Արհիապատիւ Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեանի կողմէ եւ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ «Իման» դպրոցի փոքրիկներու կողմէ։

Պատուոյ հիւրը, որուն կ՜ընկերանար նաեւ Սուրիոյ մօտ առաքելական նուիրակ Կարդինալ Մարիօ Զենարին, առիթը ունեցաւ այցելելու պատերազմէն ետք վերականգնուած Հայ Կաթողիկէ առաջնորդանիստ տաճար` Մայր Օգնութիւն եկեղեցին, ուր պահ մը աղօթքէն ետք, առաջնորդ Միրիաթեանը հիւրերուն ներկայացուց Եկեղեցւոյ հակիրճ պատմութիւնը եւ շինարարութեան մանրամասնութիւնները Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովին կառավարիչին որպէս նուէր մատուցելով ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ ռմբակոծման հետեւանքով վնասուած եկեղեցւոյ յենասիւնի կտորէ կազմուած խաչ մը՝ որպէս վերականգնուած առաջնորդանիստ տաճարի, հայութեան եւ Սուրիոյ բնակչութեան վերանորոգուած յոյսի եւ վերազարթօնքի խորհրդանիշ։

Տաճարի այցելութենէն ետք Վսեմաշուք Կարդինալը «Իման» դպրոցի հրապարակին վրայ առիթը ունեցաւ հանդիպելու դպրոցի փոքրիկ աշակերտներուն հետ, անոնց հետ կիսելով տօնախմբութեան պահ մը, երգեր ու նաեւ աղօթք որուն յաջորդեց յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին օրհնութիւնը` ջամբուած ներկաներուն եւ փոքրիկներուն ընդմէջէն անոնց ծնողաց ու հարազատներուն, ինչպէս բացատրեց Վսեմաշուք Կարդինալ Սանտրին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/11/2021, 10:14