Որոնել

Ափրիկէի եպիսկոպոսները։ Ափրիկէի եպիսկոպոսները։ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյնները ՍԵՔԱՄԻ ժողովի մասնակիցներուն։

Համագումարին աշխատանքներուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ Տիար Փաուլօ Ռուֆինի յղելով պատգամը մը որուն մէջ կը մաղթէ որ հաղորդամիջոցները խաղաղութեան կառուցողները դառնան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կանայի մէջ ընթացք առաւ Ափրիկէի եւ Մատակասքարի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերու տարեկան ընդհանուր ժողովը, որուն սկիզբը Կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակէ ժողովականներու փոխանցեց ֆրանչիսկոս Պապին պատգամն ու ողջոյնները։

Համագումարին աշխատանքներուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ Տիար Փաուլօ Ռուֆինի յղելով պատգամը մը , որուն մէջ բարձր կը գնահատէ Համափրիկեան եպիսկոպոսաց կոմիտէին ընկերային հաղորդամիջոցներուն աշխուժացման աշխատանքը, որ խրախուսուածէ Յովհաննէս Պօղոս Բ պապին «Ափրիկէի մէջ եկեղեցին» առաքելական նամակին մէջ։

Տիար Փաուլօ Ռուֆինին ապա կ՝ընդգծէ իր ղեկավարած Վատիկանի մարմնի եւ CEPACS ի համատեղ յանձնառութիւնը՝ խրախուսելու կաթողիկէ համալսարանները եւ կրթական բարձրագոյն հաստատութիւնները ապահովուելու ընկերային հաղորդակցութեան լաւագոյն ուսուցումները, ըլլայ մարդկային ըլլայ մասնագիտական մակարդակի վրայ

Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան վերատեսչութեան վերատեսուչը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ նաեւ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին կողմէ հաղորդակցութեան ծիրէն ներս բոլոր մակարդակներու վրայ Ռատիոյի եւ հեռուստատեսիլի ծաղկման միջոցով գործադրած ջանքերու համար ։

«Այս ռատիոկայաններու մեծամասնութիւնը կը սփռեն Ռատիօ Վատիկանի առօրեայ յայտագիրները, անգլերէն, ֆրանսերէն ու փորթուկալերէն լեզուներով, եւ շատ անգամ Ափրիկեան լեզուներով, որոնք թարմացուած լուրեր կը փոխանցեն Պապին եւ Սուրբ Աթոռի վերատսեչութիւններու մասին։

Տիար Ռուֆինի պատգամին մէջ կոչ կ՝ուղղէ աւելի մեծ համագործակցութեան համար Ռատիօ Վատիկանի եւ Ափիրէկի լրատուամիջոցներու միջեւ նշելով թէ «այս համաշխարհայնացած աշխարհը կարիքը ունին նաեւ ճանչնալու տեղական եկեղեցւոյ մէջ կատարած ձեր աշխատանքները։ Ասոր համար Ռատիօ Վատիկանը ձեր Ռատիոն է։ Կ՝ուզեմ կոչ ուղղել աւելի մեծ համագործակցութեան համար հաստատելով թէ համագործակցիլը եւ իրարու օգնելը կարելի է վկայելով մէկ բան մէկը միւսին անդամ զգալով։։

Փաուլօ Ռուֆինին պատգամը կ՝աւարտէ մաղթելով որ համաժողովը նպաստէ հաղորդութեան եւ համագործակցութեան սատարումին ինչպէս նաեւ Ափրիկէի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերու միասնական աշխատանքին, եկեղեցւոյ բարիքին ի սպաս։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/07/2022, 10:32