Որոնել

Assis_Andressa-Collet_12.jpeg

«Economy of Francesco». Փոքրահասակները եւս յանձնառու են համապարփակ բնապահպանութեան ուղիով

«The Economy of Francesco. Երիտասարդներ, դաշնագիր, ապագայ» բնաբանով միջազգային հանդիպումը, որ առաջարկուած է Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ, ուղղուած է երիտասարդ 35 տարեկանէն վար տնտեսագէտներու եւ ձեռնարկատէրերու, որոնք կայուն տնտեսութեան խթանիչներ են ամբողջ աշխարհի մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 22էն 24 սեպտեմբերին Իտալիոյ Ասսիզի քաղաքին մէջ կազմակերպուած է «Economy of Francesco» հերթական հաւաքը, որուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ու նաեւ երիտասարդներ ու փոքրահասակներ, որոնք յանձնառու են համապարփակ բնապահպանութեան ուղիով։

Երիտասարդներ, դաշնագիր, ապագայ

Յայտնենք թէ «The Economy of Francesco. Երիտասարդներ, դաշնագիր, ապագայ» բնաբանով միջազգային հանդիպումը, որ առաջարկուած է Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ, ուղղուած է երիտասարդ 35 տարեկանէն վար տնտեսագէտներու եւ ձեռնարկատէրերու, որոնք կայուն տնտեսութեան խթանիչներ են ամբողջ աշխարհի մէջ։

Հանդիպման նպատակն է քննարկել տնտեսութեան ըմբռնման նոր ձև մը՝ ըստ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի հոգիին, այսինքն՝ այսպէս կոչուած քաղաքացիական տնտեսութեան մօտ հարցեր։

Առաջին հանդիպումը նախատեսուած էր 2020-ի Մարտ ամսոյն աւարտին` 26էն 28 մարտ, բայց համավարակի տարածման պատճառաւ յետաձգուեցաւ նոյն տարուայ նոյեմբեր ամսոյն ու տեղի ունեցաւ առցանց, մինչ ներկայութեամբ հաւաքը կազմակերպուեցաւ 2021-ի աշնան մէջ։

Ստեղծել տնտեսութիւն արտադրող նոր ուղիներ

Յառաջիկայ սեպտեմբեր ամսուան մէջ կազմակերպուած հաւաքը նկատուած է ուստի Երկրորդը` որուն ինչպէս նշեցինք իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ֆրանչիսկոս Պապը, որ ի պատրաստութիւն հաւաքին երիտասարդ տնտեսագէտներուն եւ ձեռնարկատէրերուն ուղղած էր լսատեսողական պատգամ մը, հրաւիրելով զանոնք «ստեղծելու տնտեսութիւն արտադրող նոր ուղիներ....»։

Երիտասրադներու ներգրաուուածութիւնը 

«The Economy of Francesco»– ի գիտական տնօրէն Տիար Լուիճինօ Պրունի այս առնչութեամբ հաստատած է թէ «ներկայ ժամանակը նոր ժամանակ է երիտասարդներու դերակատարութեան համար ու յատուկ կերպով նաեւ անչափահասներու դերակատարութեան»։ Ակնարկելով ապա Կրէթա Թիւնպուրկի եւ «Fridays for Future» սերունդին, ինչպէս նաեւ վերոնշեալ հաւաքին անչափահասներու մասնակցութեան, Պրունին դիտել տուած է թէ «անոնք ներկայացուցին 21րդ դարու բնապահպանութեան եւ զարգացումի նոր ձեւի մը ամենակարեւոր նորութիւնը»։ «Այսօր այս անչափահասները կը գտնուին աշխարհի փոփոխութեան սահմանին վրայ, անոնք վարպետներ են եւ իսկական վարդապետութիւն մը կը մատուցեն մեզի բոլորիս համար» ըսած է Տիար Լուիճինօ Պրունի։

Անչափահասները այլեւս չեն կրնար անտեսել զիրենք շրջապատող աշխարհը

Սեպտեմբեր ամսուայ վերջաւորութեան նախատեսուած կարեւոր հաւաքին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ 14 ամեայ Թայլանտացի Ռալին Սադիտդանասարնը, որ հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատած է թէ. «մանուկներն ու անչափահասները այլեւս չեն կրնար անտեսել զիրենք շրջապատող աշխարհը։

«Մենք ստիպուած ենք լուծելու չափահասներու հարցերը, որովհետեւ վախ ունինք չկարենալ մաքուր եւ կայուն ապագայ մը ունենալ։ Չափահասները պէտք են աւելի լաւ աշխարհ մը թողուլ իրենց զաւակներուն եւ յաջորդներուն։ Անոնք պէտք է գործեն լուծելու համար, ոչ միայն խօսքով, ներկայ խնդրայարոյց հարցերը ինչպիսին են կլիմայական փոփոխութիւնը, ապականութիւնը եւ անհաւասարութիւնները» ընդգծած է փոքրիկն Ռալինը որ մշտապէս ներգրաւած է եղած է  բնապահպանութեան ու մաքուր միջավայրի մը ապահովումի գործին մէջ։

Բնապահպանութեան հարցը կը հայի ու կը ներգրաւէ բոլորը

Ան ի միջի այլոց նշեց նաեւ` թէ ինք իր այս ասպարէզէն ներս տարած գործունէութեան ընթացքին սորվեցաւ թէ բնապահպանութեան հարցը կը հայի բոլորին ու թէ բոլորն ալ պատասխանատուութիւնն ունին աշխատելու այդ ուղղութեամբ ու սատարելու փոփոխութեան։

Ռալինը հուսկ նշեց թէ ինք Ասսիզիի մէջ կը փափաքի նախ եւ առաջ երախտապարտութիւն արտայայտել Ֆրանչիսկոս Պապին, անոր ուսուցումներուն համար ու անոր ազնուութեան համար։ «Շնորհակալութիւն կ՜ուզեմ յայտնել նաեւ` որ բոլորին ուշադրութիւնը հրաւիրեց աշխարհը յուզող ներկայ հարցերուն վրայ ու որովհետեւ աջակցեցաւ ինծի նման երիտասարդներուն, բարձրանալով իր ձայնը որպէսզի լսելի ըլլայ նաեւ մեծահասակ մարդոցմէ, որոնք Քահանայապետին նման կարող են մեզ օգնել, փոխելու համար ընթացքը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/08/2022, 10:16