Որոնել

Կարդինալ Փարոլին Կարդինալ Փարոլին 

Կարդինալ Փարոլին. «Եկեղեցին խաղաղասէր է, որովհետեւ կը հաւատայ եւ կը պայքարի խաղաղութեան համար»։

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հարցազրոյց իտալական ԼԻՄԵՍ պարբերաթերթի հետ Սուրբ Աթոռի դիւանագիտութեան մասին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, իտալական աշխարհաքաղաքական պարբերաթերթի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին զրուցելով Սուրբ Աթոռի դիւանագիտութեան մասին նշեց թէ «Սուրբ Աթոռի դիւանագիտութիւնը կապուած չէ Պետութեան մը հետ՝ այլ միջազգային իրաւունքով իրականութեան մը հետ որ չ՝ունի քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական շահեր, ըսաւ կարդինալ Փարոլին աւելցնելով, որ Սուրբ Աթոռի դիւանագիտութիւնը տիեզերական է, որովհետեւ անոր քահանայապետական ներկայացուցիչները կը ժամանեն համայն աշխարհի տեղական եկեղեցիներէն։

Աւետարանը խաղաղութեան աւետումը

«Սուրբ Աթոռի դիւանագիտութեան մէջ կայ կողմնացոյց մը, որ է Աւետարանը, որուն բոլոր էջերուն մէջ պարունակուած են խաղաղութեան աւետումը, խաղաղութեան խոստումն ու պարգեւը։ Եկեղեցին կը հետեւի Տիրոջ օրինակին, կը հաւատայ խաղաղութեան, կը գործէ խաղաղութեան համար, կը պայքարի խաղաղութեան ի խնդիր, կը վկայէ եւ կը որոնէ կառուցել խաղաղութիւնը։ Այս առումով խաղաղասէր է»։ Ըսաւ Վատիկանի Պետական քարտուղարը։

Անդրադառնալով ապա զէնքերու օգտագործումի մասին կարդինալ Փարոլին նշեց թէ« խաղաղութիւնը կը սկսի մարդուն սիրտին մէջ։ Ամէն արիւնալի վիրաւորանք խաղաղութիւնը կը հեռացնէ եւ աւելի դժուար կը դարձնէ որեւէ բանակցութիւն։ Այս մասին Ֆրանչիսկոս Պապ ստէպ կը յիշէ իր կոչերուն մէջ սակայն «Պապին ձայնը յաճախ անապատին մէջ աղաղակող ձայն մըն է»։ Այսօր եւս, Ուքրանիոյ դժուար կացութեան մէջ կարծես թէ պատրաստակամութիւն չկայ սկսելու իսկական խաղաղութեան բանակցութիւններուն եւ ընդունելու միջնորդութեան առաջարկը։»

Ուքրանիոյ պատերազմը

Կարդինալ Փարոլին խօսելով ապա Ֆրանչիսկոս Պապին Ուքրանիա այցելութեան կարելիութեան մասին, նշեց թէ Ուքրանիոյ ճամբորդութիւնը քահանայապետին մեծ իղձն է եւ Նորին Սրբութեան առաջնահերթութիւնն է, որ իր ճամբորդութիւններու միջոցաւ կարելի է հասնիլ օգտակար արդիւնքին։ Այս հեռանկարով ֆրանչիսկոս Պապ յայտնեց թէ կ՝ուզէ Քիեւ երթալ՝ մխիթարութեան եւ սփոփանք փոխանցելու համար պատերազմի թիրախ զոհերուն։

Միեւնոյն ժամանակ ֆրանչիսկոս Պապ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց Մուսկուա նաեւ այցելելու։ Կարդինալ Փարոլին նկատել տուաւ, որ Հռոմի եւ Մուսկուայի միջեւ երկխօսութիւնը դժուար կացութեան մէջ է ու կ՝ընթանան փոքր քայլերով։ Երուսաղեմի մէջ ֆրանչիսկոս Պապին եւ Կիւրեղ Պատրիարքին միջեւ հանդիպումը դադրած է, որովհետեւ անիկա չէ կարելի հասկնալ եւ պատերազի ծանրութիւնը զայն պայմանաւորուած է։

Չինաստանի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ դիւանագիտական կապերը

Կարդինալ Փարոլին ընդհանուր ակնարկ կատարեց նաեւ Չինաստանի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ գաղտնի համաձայնութեան, նշելով որ Սուրբ Աթոռի եւ Չինաստանի միջեւ երկխօսութիւնը սկիզբ առած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի օրով եւ շարունակուեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ եւ Ֆրանչիսկոս Պապին օրերուն, ապա 2018 թուականին ստորագրուեցաւ ժամանակաւոր համաձայնագիր Չինաստանի մէջ եպիսկոպոսներու անուանումի համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/08/2022, 11:49