Որոնել

Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի 

Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին. «Երախտապարտ եմ Աստուծոյ իմ 80 տարիներուս համար. Բարին հաղորդելը առաքելութիւն է»։

Վատիկանի Ռատիոյ կայանի եւ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի երբեմնի տնօրէն, Յիսուսեան միաբանութեան անդամ, Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի՝ այսօր կը բոլորէ իր ծննդեան 80րդ տարեդարձը ու քահանայական ձեռնադրութեան 50րդ ամեակը, իր ամբողջ կեանքը նուիրելով եկեղեցւոյ ծառայութեան, յատուկէն հաղորդակցութեան ասպարէզէն ներս։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի Ռատիոկայանի եւ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի երբեմնի տնօրէն, Յիսուսեան միաբանութեան անդամ, Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի՝ այսօր կը բոլորէ իր ծննդեան 80րդ տարեդարձը ու քահանայական ձեռնադրութեան 50րդ ամեակը։ Ան իր ամբողջ կեանքը նուիրած է եկեղեցւոյ ծառայութեան, յատուկէն հաղորդակցութեան ասպարէզէն ներս։

Իր ծննդեան տարեդարձին առիթով, երեք քահանայապետերու համագործակից, հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին, «Վատիկան Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին անդրանալով իր առաքելական կեանքի կարեւոր փորձառութիւններուն, յորդորեց լրագրութիւնը ապրիլ՝ ոչ թէ միայն իբրեւ մասնագիտութիւն, այլ իբրեւ կոչում։

Հայր Լոմպարտի հաղորդակցութեան գլխաւոր հերոս։

80 ամեայ իտալացի, Յիսուսեան միաբանութեան անդամ հայր Ֆետերիքօ Լոպարտի, Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովէն ետք, եկեղեցական հաղորդակցութեան ծիրէն ներս նկատուած է գլխաւոր հերոս մը։ Ան Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետին եւ Ֆրանչիսկոս Պապին ժամանակաշրջանին վարած է Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնը ու 25 տարի շարունակ անխոնջօրէն ղեկավարած է Վատիկանի Ռատիոկայանը, նախ որպէս յայտագիրներու տնօրէն, ապա որպէս ընդհանուր տնօրէն ինչպէս նաեւ աւելի քան 10 տարի շարունակ ղեկավարած է Վատիկանի հեռուստակայանի կեդրոնը։

Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի այսօր եւս շարունակելով նուիրել իր կեանքը եկեղեցւոյ ծառայութեան, կը վարէ նախագահի պաշտօնը Ժոզէֆ Ռացինկեր- Պենետիկտոս ԺԶ հիմնարկին ու տեսուչն է Յիսուսեան միաբանութեան «La Civiltà Cattolica» կրօնական պարբերաթերթին որուն 1973 թուականին ծառայած է որպէս լրագրող ապա 1977ին դառնալով պարբերաթերթին փոխ տնօրէնը

«Վատիկանի Նիուզ»ի եւ Վատիկանի Ռատիոկայանի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին անդրադառնալով նաեւ երեք քահանայապետերու ժամանակաշրջանին գոհութիւն յայտնած է Աստուծոյ,իրեն ընկերանալուն համար մաղթելով, որ պատշաճօրէն կրցած է համապատասխանել Աստուծոյ կողմէ ստացած պարգեւին։

հաղորդակցութիւնը եկեղեցւոյ եւ հաւատքի մէջ ապրած անձին մը համար աւետարանումի մասնակցութիւն է

Ինչ կը վերաբերի հաղորդակցութեան աշխարհին, Հայր ֆետերիքօ նկատել տուաւ որ Հաղորդակցութեան ծիրէն ներս, Եկեղեցւոյ եւ Սուրբ Աթոռի 50 տարի շարունակ մատուցած ծառայութեան մէջ, սորված է, թէ հաղորդակցութիւնը եկեղեցւոյ եւ հաւատքի մէջ ապրած անձին մը համար աւետարանումի գործին մասնակցութիւն է, որովհետեւ մեր Աստուածը հաղորդող Աստուած մըն է, որ Իր մասին յայտնեց իր բառերով, Իր յայտնութեամբ ինչպէս նաեւ Յիսուս Քրիստոսի առաքումով։

Խօսելով ապա երեք քահանայապետերուն մատուցած ծառայութեան մասին Հայր Լոպարտին նշեց, որ ինք միշտ համոզուած է, որ աշխատանքը ծառայութիւն մըն է եւ Քահանայապետը եկեղեցւոյ եւ մարդկութեան ծառան է ինչպէս նաեւ աշխարհի մէջ Աստուծոյ ներկայութիւն

Ի վերջոյ յայտնենք, թէ Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի 80 տարեկանին տակաւին կը շարունակէ ծառայել հաղորդակցութեան եւ տեղեկատւութեան աշխարհէն ներս, նախ որպէս տեսուչ La Civiltà Cattolica ընտանիքին, ապա որպէս նախագահ Ռացինկեր, Պենետիկտոս ԺԶ հիմնարկին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/08/2022, 12:01