Կարդինալ Ժոզէֆ Թոմքօ Կարդինալ Ժոզէֆ Թոմքօ 

Ոչ եւս է Կարդինալներու դասին ամենէն տարեց ծիրանաւորը կարդինալ Թոմքօ

Հոգին աւանդեց Կարդինալ Թոմքօ, ան 98 տարեկան եւ ամենէն տարեց ծիրանաւորն էր։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 8 օգոստոսին, վաղ առաւօտուն, Հռոմի մէջ իր հոգին աւանդեց Սլովաքցի կարդինալ Ժոզէֆ Թոմքօ, Ժողովուրդներուն աւետարանացման ժողովի ու Սուրբ հաղորդութեան միջազգային համագումարներու քահանայապետական կոմիտէի երբեմնի կառավարիչը ։

Հանգուցեալ կարդինալը 98 տարեկան էր ու կարդինալական դասին ամենէն տարեց ծիրանաւորն էր։ Ան վախճանեցաւ իր տան մէջ ուր կը գտնուէր մայրապետներու հոգածութեան տակ։

Ֆրանչիսկոս Պապին հետ հանդիպումը

Յիշենք, թէ անցեալ 30 ապրիլին ֆրանչիսկոս Պապ ողջունած էր կարդինալ Թոմքոն Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, Սլովաքցի ուխտաւորներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին։ Այդ առթիւ արտասանած պատգամին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ողջունելով կարդինալ Թոմքոն յայտնեց, թէ անոր ներկայութիւնը զգալ կու տայ, որ եկեղեցին ընտանիքն մըն եւ գիտէ մեծարել ծերութիւնը որպէս պարգեւ։

Յայտնենք թէ Կարդինալ Ժոզէֆ Թոմքոյին մահուան լուրը հաղորդեց Սլովաքիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը հրաւիրելով հաւատացեալները աղօթելու կարդինալին համար ու տեղեկացնելով նաեւ, որ կարդինալ Թոմքոյի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Հռոմի մէջ թաղման արարողութենէն ետք Քոզիչէի Սրբուհի Եղիսաբեթի մայր տաճարէն ներս։

Կենսագրականը

Կարդինալ Թոմքօ ծնած էր 11 մարտ 1924ին, Ուտավսքէ քաղաքին մէջ։ Աստուածաբանական ուսումները աւարտած է Պրաթիսլավային համալսարանին մէջ ապա Հռոմ տեղափոխուելով մասնագիտացած է եկեղեցական իրաւագիտութեան եւ ընկերային գիտութիւններու ուսումներուն մէջ։

Քահանայ ձեռնադրուած է 12 մարտ 1949ին եւ եկեղեցական տարբեր պաշտօններ վարած է Լատին Ամերիկիոյ մէջ։

Որպէս քահանայ ծառայած է հաւատոյ Վարդապետութեան ժողովին ինչպէս նաեւ Եպիսկոպոսներու ժողովէն ներս։ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին օրով ձեռնադրուած է եպիսկոպոս ապա որպէս ընդհանուր քարտուղար գործակցած է եպիսկոպոսներու սինոդին մէջ։
Եկեղեցական տարբեր պարտականութիւններու շարքին աշխատած է որպէս անդամ ու խորհրդատու համամիութենական մարզէն ներս միջազգային մակարդակի վրայ

1972ին, մաս կազ կազմած է Սուրբ Աթոռի պատուիրակութեան Լութերանեան համաշխարհային դաշնութեան եւ Ճընեւի մէջ եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին։

24 ապրիլ 1985ին, Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին օրով անուանուած է ժողովուրդներուն աւետարանումի ժողովի փոխ կառավարիչ։

25 մայիս 1985ին ընտրուած է կարդինալ ապա մինչեւ 9 ապրիլ 2001 ղեկավարած է ժողովուրդներու աւետարանումի ժողովը։

Կարդինալ Թոմքոյին վախճանումով կարդինալական դասը այժմ կը հաշուէ 206 ծիրանաւորներ, որոնցմէ 116ը քահանայապետ ընտրելու իրաւունք ունեցող ծիրանաւորներ են եւ 90ը ոչ իրաւունք ունեցող։ Ցարդ ամէնէն տարեց կարդինալն է Ալէքսանտր Տօ Նաշիմենթօ՝ Լուանտային երբեմնի արքեպիսկոպոսը որ անցեալ մէկ մարտին դարձաւ 97 տարեկան։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/08/2022, 12:37