Գերապայծառ Նունցիօ Կալանթինօ Գերապայծառ Նունցիօ Կալանթինօ 

Գեր.Կալանթինօ «ԱՓՍԱ-ի հաշուեկշիռը. վստահելիութիւնը եկեղեղեցւոյ առաքելութեան ծառայութեան մէջ»։

«Սուրբ Աթոռի բոլոր հաստութիւններուն հիմնական նպատակն է աւետարանումը»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Առաքելական Աուրբ Աթոռի կալուածքներու վարչութեան նախագահ, գերապայծառ Նունցիօ Կալանթինօ, «Վատիկան Նիւզ»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ 2021 թուականին վերոյիշեալ վարչութեան հաշուէկշիռին, յարելով թէ 2021 թուականին ֆինասական հաշուեկշիռին մէջ արձանագրուած 8,11 միլիոն եւրօ աւելորդ գումար՝ չնայած համաճարակի պատճառած դժուարութիւններուն։

Յայտնենք թէ առաքելական սուրբ աթոռի կալուածքներու վարչութիւնը երկրորդ տարին անընդմէջ կը հրապարակէ իր ֆինանսական հաշուեկշիռը։ Արդարեւ Գերապայծառ Նունցիօ Կալանթինօ անդրադառնալէ ետք 2021 տարուան հաշուեկշիռին հիմնական տուեալներուն վերյիշեց ֆրանչիսկոս Պապին Praedicate evangelium, սահմանադրութեան մէջ նշած խօսքը «Սուրբ Աթոռի բոլոր հաստութիւններուն հիմնական նպատակն է աւետարանումը»։

«Ահա թէ ինչու հրամայական է վստահելիութիւնը եւ վստահութիւնը շահիլը բոլոր անոնց, որոնք իրենց հարստութիւնները կը վստահին եկեղեցւոյ՝ իր առաքելութեան համար»։ ըսաւ գերապայծառ Կալանթինօ։

Զրուցելով ապա 2021 տարուան ֆինսասական հաշուեկշռին մասին գերապայծառ Նունցիօ Կալանթինօ նշեց, թէ 2021 տարուան հաշուեկշիռին մէջ արձանագրուած է 8,11 միլիոն աւելորդ գումար, յառաջացած 38,11 գործառնական շահոյթի եւ Քուրիայի յատկացուած 30 միլիոն եւրօ գումարէն։ Այս առնչութեամբ գերապայծառ Կալանթինօ ընդգծեց, թէ 2021 տարուան ընթացքին, առաքելական աթոռի կալուածքներու վարչութիւնը յաւելեալ ներդրում կատարեց Քուրիային մէջ յատկացնելով 4,6 միլիոն եւրօ։

Գերապայծառ Նունցիօ Կալանթինօ զրոյցը աւարտեց հաստատելով, թէ Առաքելական սուրբ Աթոռի կալուածքներու վարչութեան կեդրոնական նպատակը կը մնայ աւետարանումի ծառայութիւնը եւ ուշադրութիւն դարձնելը տկարներուն, ինչպէս ցոյց կը տրուի դժուարութեան մէջ գտնուող անձերուն յատկացուած օժանդակութիւններէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/08/2022, 11:12