Որոնել

Սուրբ Պետրոսի տաճարը Սուրբ Պետրոսի տաճարը 

Գերապայծառ Կուերերօ. Սուրբ Աթոռի Պիւտճէն, թափանցիկութեան եւ կայունութեան մէջ դէպի յառաջ նոր քայլեր ։

Հայր Կուրերերօ նկատել տուաւ որ արդիւնքները սպասուածէն աւելի լաւ են։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռի Տնտեսութեան Քարտուղարութեան Վերատեսուչ, հայր Խուան Անթոնիօ Կուերերօ Ալվէս, Վատիկանի լրատուամիջոցներու հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին զրուցեց Սուրբ Աթոռի հրապարակած 2021 թուականին պիւտճէին մասին, ուր «արձանագրուած է 3 միլիոն պարտք, սպասուած 33 միլիոնի դիմաց»։

Զոհողութիւններու ժամանակը չէ աւարտած» ըսաւ Սուրբ Աթոռի Տնտեսութեան Քարտուղարութեան Վերատեսուչը, աւելցնելով, որ «տնտեսութեան քարտուղարութիւնը մեծ քայլեր կատարեց սուրբ Աթոռի տնտեսութեան պաշտպանութեան եւ կայունութեան ուղղութեամբ։ Արդիւնքները սպասուածէն աւելի լաւ են, բայց ապագայի համար շատ անորոշ ժամանակաշրջան կը սպասուի ու տակաւին պիտի դիմագրաւենք կարգ մը կառուցուածքային խնդիրներ որոնց շարքին քահանայապետին առաքելութեան ֆինանսաւորումը զոր Հայր Կուերերօ նկատեց «եկեղեցական հարց» ապա գոհունակութիւն յայտնեց «Լոնտոնի շէնքի թափանցիկ կերպով վաճառքին»։

2021 տարուան հրապարակուած պիւտճէին նորութիւնները։

Հայր Կուերերօ նշեց, թէ հրապարակուած պիւտճէին մէջ կան Սուրբ Աթոռի կառոյցներուն բոլոր պիւտճէները, անոր մէջ չեն ընդգրկուած Վատիկանի Պետութեան եւ «ԵՕՐ» դրամատան պիւտճէները եւ «այս իրողութիւնը կը նշանակէ այլ քայլ մը՝ Սուրբ Աթոռի ընդհանուր տնտեսական իրավիճակի թափանցիկութեան եւ տեսանելիութեան առումով» հաստատեց Հայր Կուերերօ։

Ան նկատել տուաւ` որ արդիւնքները սպասուածէն աւելի լաւ են՝ ըլլայ նոր շրջագիծէն, ըլլայ հին շրջագիծէն ներս։ Նոր շրջագիծին մէջ նախատեսուած էր 33,4 միլիոն եւրօյի պարտք, մինչ իրականութեան մէջ ան 3,3 միլիոնի սահմանով է։

Ապագայի կանխատեսումները

Հայր Կուերերօ նշեց թէ «ապագային համար նախատեսուած է անկայուն ժամանակաշրջան։ Չ՝ունինք փոփոխականներ, որոնց վրայ գործել ճգնաժամերը դիմագրաւելու համար, չ՝ունինք դրամավարկային քաղաքականութիւն եւ ոչ ալ եկամուտներու մեծ մասին նկատմամբ վերահսկողութիւն ու չենք կրնար ըսել` որ զոհողութիւններու ժամանակը վերջ գտած է. 2022 թուականը դժուար տարի պիտի ըլլայ, նոյնը նաեւ 2023 տարին։ Այս ժամանակաշրջանին բազմաթիւ քայլեր ձեռնարկեցինք թափանցիկութեան, Սուրբ Աթոռի տնտեսական պաշտպանութեան եւ կայունութեան ճիշդ ուղղութեամբ», ըսաւ ի միջի այլոց Սուրբ Աթոռի Տնտեսութեան Քարտուղարութեան վերատեսուչ, հայր Խուան Անթոնիօ Կուերերօ Ալվէս, շեշտելով թէ «մեզ պաշտպանելու համար ընթացակարգեր ներդրուեցան» ու թէ «Լոնտոնի շէնքին վաճառքը տեղի ունեցաւ թափանցիկ կերպով` հետեւելով ճիշդ ընթացակարգերու։ Ուղեւորութեան մէջ ենք», հաստատեց ԱՆ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/08/2022, 14:30