Որոնել

Ուքրանիոյ մէջ տառապող անձեր Ուքրանիոյ մէջ տառապող անձեր 

Ուքրանիա. Սուրբ Աթոռը. Քահանայապետը կը պաշտպանէ կեանքը եւ չ՝որդեգրեր ոչ մէկ քաղաքական դիրք

Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի վերաբերեալ, քահանայապետը կը խօսի իբրեւ հովիւ ու կը պաշտպանէ ամէն մարդկային կեանք՝ ոչ թէ որպէս քաղաքագէտ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ արձագանգեց վերջերս Ֆրանչիսկոս Պապին Ուքրանիոյ պատերազմի մասին կատարած միջամտութիւններուն վերաբերող հակասութիւններուն։

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի վերաբերեալ, քահանայապետը կը խօսի իբրեւ հովիւ ու կը պաշտպանէ իւրաքանչիւր մարդկային կեանք՝ ոչ թէ որպէս քաղաքագէտ ու սա է ճիշդ ընթերցումը Ուքրանական պատերազմին մասին քահանայապետին բազմաթիւ միջամտութիւններուն։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը այս մէկը կը կատարէ Ֆրանչիսկոս Պապին անցեալ 24 օգոստոսի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին Ռուսիոյ մէջ Տուկինի դուստրին դէմ կատարուած մահափորձի մասին անդրադառնալէ ետքը։ «Խօսքեր` որոնք բուռն արձագանքներ յառաջացուցին նաեւ Ուքրանիոյ մէջ քաղաքական մակարդակի վրայ», յիշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Ուքրանիոյ պատերազմին մասին ֆրանչիսկոս Պապին ու Անոր գործակիցներուն միջամտութիւնները բազմաթիւ են ու անոնք ունին իբրեւ նպատակ` Հրաւիրել հաւատացեալները աղօթքի, ու բոլոր բարի կամք  ունեցող անձերը զօրակցութեան՝ ամէն ջանք թափելու, խաղաղութիւնը վերակառուցելու համար։

«Շատ մը առիթներու, ինչպէս նաեւ վերջին օրերուն, ծագած են հանրային քննարկումներ վերագրուելիք քաղաքական նշանակութեան վերաբերեալ, ու այս առումով կը շեշտուի, թէ Նորին Սրբութեան խօսքերը այդ ողբերգութեան հարցին մասին պէտք են կարդացուիլ որպէս բարձրացած ձայն՝ մարդկային կեանքի պաշտպանութեան ու անոր կապուած արժէքներուն ի խնդիր, եւ ոչ թէ քաղաքական դիրքորոշումներ որդեգրման»։

Հաղորդագրութեան աւարտին նշուած է, թէ Ռուսիոյ դաշնակցութեան կողմէ սկսած Ուքրանիոյ մէջ լայն ծաւալներով պատերազմին մասին, Ֆրանչիսկոս Պապին միջամտութիւնները, պարզ ու միանշանակ են, պատերազմը դատապարտելու մէջ, որպէս բարոյապէս անարդար, անընդունելի, բարբարոսական, անիմաստ , նողկալի եւ սրբապիղծ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/08/2022, 12:28