Որոնել

mt06092022112028_00027.jpg

Վատիկանի հաղորդակցութեան գործիչներու երախտապարտութիւնը Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիին։

Յիսուսեան միաբանը , Ռատիօ Վատիկանի երբեմնի ընդհանուր տնօրէն եւ Քահանայապետի խօսնակ Վատիկանի Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան մաս կազմող այրերու ու կիներուն հետ միասին նշեց իր ծննդեան 80րդ տարեդարձը եւ Քահանայական ձեռնադրութեան յիսուն ամեակը։ Ռուֆֆինի. Բոլորս Հայր Լոմպարտիին զաւակներն ենք։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 6 սեպտեմբերին դէպի Վատիկան տանող Վիա Տէլլա Քոնչիլիացիոնէ պողոտայի վրայ գտնուող Սանթա Մարիա Ին Թրասփոնթինա եկեղեցւոյ մէջ առաւօտեան ժամը 11-ին, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր սուրբ պատարագ, զոր գլխաւորեց Ռատիօ Վատիկանի, Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի եւ Վատիկանի հեռուստատեսութեան ծառայութեան երբեմնի տնօրէն`  Յիսուսեան միաբանութեան անդամ` Հայր Ֆետերիքօ Լոմապրտի, իր Քահանայական ձեռնադրութեան 50  եւ ծննդեան 80 ամեակին առիթներով, իր շուրջ ունենալով Վատիկանի հաղորդակցութեան միջոցներու երբեմնի իր ընտանիքի անդամները, կազմուած այրերէ եւ կիներէ, որոնք բախտն ու պատիւը ունեցան համագործակցելու Անոր հետ եւ դաստիարակուելու անոր կեանքի դպրոցին մէջ։ 

Հայր Լոմպարտի
Հայր Լոմպարտի

Խաչը` Աստուծոյ յայտնուած սիրոյ խորհուրդ

Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին սկիզբը Հայր Լոմպարտին մատնանշեց թէ ինչպէս այդ Եկեղեցին, տարիներու ընթացքին, եղած է Վատիկանի հաղորդակցութեան գործիչներուն համախմբումի վայրը, ըլլայ ուրախ ըլլայ տխուր առիթներով, շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին, որ ընդառաջեցին Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան կազմակերպած այսօրուան հաւաքին մասնակցելու համար։ 

Ան ապա իր քարոզը կեդրոնացուց օրուան սուրբ գրային ընթերցումներուն վրայ որոնք կը խօսէին Յիսուսին խաչելութեան մասին, որ Հայր Լոմպարտին ներկայացուց որպէս «Աստուծոյ յայտնուած սիրոյ խորհուրդ»։

«Աստուծոյ մարդկութեան հանդէպ ունեցած սէրն ու ողորմութիւնը հռչակելը Յիսուսին առաքելութիւնն է», եւ «Խաչին վրայ սիրտը կը բացուի, որպէսզի անոր մէջ պահպանուածը շնորհուի ամբողջութեամբ, մինչեւ վերջին կաթիլը» ըսաւ  պատարագիչ վարդապետը,  որ ակնարկեց քահանային առաքելութեան եւ յանուն Քրիստոսի մատուցելիք ծառայութեան ու քարոզին աւարտին յիշեց Ռատիովատիկանի տնօրէնութեան տարիներուն իր աշխատանքը եւ Սուրբ Պետրոս պազիլիքայէն ռատիոյի միջոցաւ ուղիղ եթերով սփռուած յայտագիրները մատնանշելով որ հաղորդակցութեան գործիչներուն պարտականութիւնն է «վազել եւ ցոյց տալ Յիսուսին դէմքը, որպէս ամենակարեւոր եւ ամենագեղեցիկ պատգամ, որպէսզի մեր աշխատանքը շարունակէ իր իմաստը գտնել ակնաղբիւրին մէջ»։ 

Հայր Լոմպարտի
Հայր Լոմպարտի

Բոլորս Հայր Լոմպարտիի զաւակներ ենք

Սուրբ Զոհէն ետքը բոլոր մասնակցողները համախմբուեցան Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան շէնքի սրահին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն, որուն սկիզբը խօսք առաւ Վերատեսչութեան վերատեսուչը` Տիար Փաոլօ Ռուֆֆինին, հաստատելով.  «բոլորս այստեղ համախմբուած ենք որովհետեւ ի վերջոյ Հայր Լոմպարտիի զաւակներ ենք, արհեստավարժ, հոգևոր զաւակներ, որոնք անոր Յիսուսեանի, լրագրողի եւ Աւետարանով ոգեւորուած քրիստոնեայի  ուսերուն վրայ աճեցան,եւ որոնց համար կը շարունակէ  ըլլալ ուսուցիչն ու վկան Եկեղեցւոյ և Սուրբ Աթոռին անձնուրաց ծառայութեան:

Ռուֆֆինին թուարկեց ապա Հայր Լոմպարտիի յատկութիւնները, անոր ունկնդրելու, պատասխանելու, բացատրելու կարողութեան եւ կատակաբանութեան յատկութիւնները ու նաեւ անոր համբերութիւնը։ 

«Մենք բոլորս սորվեցանք Հայր Լոմպարտիէն» ըսաւ ապա Ռուֆֆինի մասնաւորապէս ակնարկելով Հայր Լոմպարտիի այլ մէկ յատկութեան, այն է գործել լռելեան, առանց երեւնալու։ Ան մեզի սորվեցուց թէ ճակատը« ուր մեր պայքարը կը մղենք այլուր չէ, այլ ճիշտ այստեղ է, վայրին մէջ ուր կը գտնուինք»:

“«Լաւ տեղեկութիւն տալու համար, պէտք է լաւ տեղեկացուած ըլլալ» Հայր Լմպարտի”

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/09/2022, 15:00