Որոնել

foto2--rsz.jpeg

Կարդինալ Քրայեւսքիին չորրորդ «լռելեան ու աւետարանական» ճամբորդութիւնը Ուքրանիա

Քահանայապետական Ողորմաբաշխը պիտի մեկնի Ուքրանիա, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին, այցելելու համար Օտեսան, Ժիտոմիրը, Խարքիվը ու Արեւելեան Ուքրանիայի այլ քաղաքներ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Բարեգործութեան ծառայութեան վերատեսչութեան Վերատեսուչ Քահանայապետական Ողորմաբաշխ Կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքի, չորրորդ անգամն ըլլալով պիտի մեկնի Ուքրանիա, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին, այցելելու համար Օտեսան, Ժիտոմիրը, Խարքիվը ու Արեւելեան Ուքրանիայի այլ քաղաքներ»։ Լուրը կը հաղորդէ նոյնինքն Բարեգործութեան ծառայութեան վերատեսչութիւնը նշելով,  որ Ծիրանաւորը այս պիտի ընէ որպէս « աջակցութիւն հաւատացեալներու հասարակութեան, քահանաներուն, կրօնաւորներուն ու եպիսկոպոսներուն, որոնք 200 օրերէ ի վեր կը շարունակեն ապրիլ իրենց առաքելութեան վայրերուն մէջ` պատերազմի բոլոր վտանգներուն հանդերձ»։

«Լռելեան ու աւետարանական ճամբորդութիւն մըն է, մօտիկ ըլլալու տառապող մարդոց, աղօթելու ու մխիթարելու անոնցմէ իւրաքանչիւրը, ներկայութեամբ ցոյց տալու, որ անոնք միայնակ չեն այդ դժուար կացութեան մէջ, որ միայն կրծանում ու մահ կը յառաջացնէ» գրուած է միշտ Բարեգործութեան ծառայութեան վերատեսչութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ, ուր ընդգծուած է` որ ճանապարհորդութեան նպատակն է` տարբեր Թեմերու Քարիթասներուն շօշափելի օժանդակութիւնները տանիլ այդ տառապող բնակչութեան։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/09/2022, 10:33