Որոնել

2022.07.22-INTERVISTA-PAROLIN-VIAGGIO-CANADA.00_08_27_00.Immagine003.jpg

Կարդինալ Փարոլին. Յովհաննէս Պօղոս Ա` խաղաղութեան եւ հեզութեան Քահանայապետ

Վատիկանի դիւանագէտը մտահոգութիւն արտայայտելով պատերազմի երկարատեւութեան ի տես կոչ ուղղեց խուսափելու լարուածութեան հրահրումէն ու դիմելու իմաստութեան եւ խաղաղ լուծումներու որոնումին։ «Ոչ մէկ բան կը կորսուի խաղաղութեամբ, պատերազմով ամէն բան կսորուած է եւ արդեն իսկ կը փորձարկենք այս մէկը» ըսաւ Ան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, Իտալական RAI-1 հեռուստակայանի «Tg1» ծրագրի լրատուականին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն մէջ խօսեցաւ զանազան նիւթերու շուրջ, ներառեալ յառաջիկայ Կիրակի խորաններու պատուոյն արժանացող, Յովհաննէս Պօղոս Ա Քահանայապետի մասին։

Յովհաննէս Պօղոս Ա եւ խաղաղութիւնը

Յովհաննէս Պօղոս Ա Քահանայապետին Քահանայապետութիւնը եղաւ կարճ բայց Ան այսօր եւս կը խօսի աշխարհին, մասնաւորապէս խաղաղութեան նիւթին մասին։ Ան 10 սեպտեմբեր 1978-ի Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին ուղղած էր կոչ մը աղօթելու` խաղաղութեան համար։ Մինչ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին դիտել տուած էր, որ Եկեղեցին գործնական լուծումներ չունի աշխարհի մեծ հարցերը լուծելու համար, սակայն ունի ոգի մը` որ կ՛ուզէ փոխանցել եւ այդ ուղղութեամբ է, որ Յովհաննէս Պօղոս Ա «աշխարհին ցոյց տուաւ, որ խաղաղութիւնը Եկեղեցւոյ սրտին մէջ է» ըսաւ ի միջի այլոց Կարդինալ Փարոլինը այս կապակցութեամբ մէջբերելով Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին խօսքերը։

Հեզ Քահանայապետը

«Յովհաննէս Պօղոս Ա եղաւ Քահանայապետ մը որ մեծ ուշադրութիւն յատկացուց աղքատներուն, ինք եւս Ֆրանչիսկոս Պապին նամն փափաքն ունէր աղքատ եկեղեցիի մը ի ծառայութիւն աղքատներուն» նշեց հուսկ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը, դիտել տալով, որ Ան եղաւ նաեւ հեզութեան ու խոնարհութեան տիպար, «որուն կարիքն ունի այսօր աշխարհը»։ «Անոր համար` հովիւի մը առաջին առաքինութիւնը հեզութիւնն էր եւ անոր կեանքի հիմնական յատկանիշը եղաւ խոնարհութիւնը» շեշտեց Կարդինալ Փարոլինը։

Խուսափիլ լարուածութեան բորբոքումէն

Հարցազրոյցի ընթացքին Վատիկանի դիւանագէտը պատասխանեց նաեւ Ուքրանիոյ պատերազմին հայող հարցումներուն, մտահոգութիւն արտայայտելով պատերազմի երկարատեւութեան համար եւ վերահաստատելով Սուրբ Աթոռին պատրաստակամութիւնը` բաց պահելու դռները բանակցային հարթակի մը համար։

Ան ապա կոչ ուղղեց խուսափելու լարուածութեան հրահրումէն ու դիմելու իմաստութեան, խաղաղ լուծումներու որոնումին։ «Ոչ մէկ բան կը կորսուի խաղաղութեամբ, պատերազմով ամէն բան կսորուած է եւ արդեն իսկ կը փորձարկենք այս մէկը» նշեց Կարդինալ Փարոլինը կրկնելով Պիոս ԺԲ քահանայապետին խօսքերը։

Կաթողիկէներու դերը քաղաքական կեանքէն ներս

Անդրադառնալով ապա Իտալական քաղաքականութեան, Ծիրանաւորը յորդորեց քաղաքականութիւնը դնել Երկրի ծառայութեան ու ժողովուրդի բարիքին ի սպաս։ Ան հրաւէր ուղղեց նաեւ Կաթողիկէներուն արտայայտելու իրենց դիրքերը քաղաքական բանավէճէն ներս, իրենց կարգին առաջարկներ ներկայացնելով Երկրին հարցերուն արդիւնաւէտ եւ իսկական պատասխաններ տալու նպատակով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/09/2022, 09:00