Որոնել

Գերապայծառ Փենա Փառա Գերապայծառ Փենա Փառա 

Գերպ. Էտկար Փենիա Փառա բացումը կը կատարէ Արեւելեան Թիմորի մէջ Պապական նուիրակութեան։

Վատիկանի պետական քարտուղարութեան տեղակալ Գերապայծառ Էտկար Փենիա Փառայի Արեւելեան Թիմորի այցելութեան օրակարգը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի պետական քարտուղարութեան տեղակալ, գերապայծառ Էտկար Փենիա Փառա 19էն- 22 սեպտեմբերին կ՝այցելէ Արեւելեան Թիմորը բացումը կատարելու համար նոր Պապական Նուիրակութեան։

Պետական քարտուղարութեան թուիթրեան կայքին վրայ հրապարակուած հաղորագրութեան համաձայն, 19 սեպտեմբերին, Արեւելեան Թիմոր ժամանումին, Վատիկանի Պետական Քարտուղարութեան տեղակալը հանդիպում կ՝ունենայ Արեւելեան Թիմորի հանրապետութեան նախագահ, տիար Խօսէ Ռամոս Հորթային հետ։

Այցելութեան երկրորդ օրը, 20 սեպտեմբերին, Գերայպածառ Փառա, Իտալիոյ ժամանակացոյցով յետմիջօրէի ժամը 4, 30 ին, Թիմորէնէ կաթողիկէ համալսարանին մէջ դասախօսութիւն կու տայ աշխարհի խաղաղութեան եւ ընդհանուր համակեցութեան համար, մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթին մասին, որմէ ետք ներկայ կը գտնուի Առաքելական նոր դեսպանատան բացումին։

Նախատեսուած է, որ 21 սեպտեմբերին, Գերապայծառ Փառա այցելէ Canossiane di Balide մայրապետներու աղքատ մանուկներուն օգնութեան կեդրոնը, ապա Սան Փաուլոյի միջ թեմական նորընծայարանը ու Սանթա Քրուզի գերեզմանատունը։

Մինչ՝ 22 սեպտեմբերին, նախատեսուած է, որ Ան հանդիպում ունենայ Արեւելեան Թիմորի վարչապետ` տիար Թաուր Մաթան Ռուաքի հետ, ապա այցելէ Թասի Թոլու քաղաքին մէջ զետեղուած Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի յուշարձանը, հուսկ յետմիջօրէին, Սուրբ Պատարագ մատուցանէ Տիլի անուան տաճարին մէջ։

Արեւելեան Թիմօր այցելութեան վերջին օրը, 23 սեպտեմբերին, գերապայծառ Փառա կը հանդիպի Ազգային ժողովի նախագահ` տիար Անիչեթօ Կութերես Լոփեսին հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/09/2022, 12:33