Որոնել

Եպիսկոպոսներ (Արխիւ) Եպիսկոպոսներ (Արխիւ) 

Վերապատրաստումի դասընթացներ նոր եպիսկոպոսներու համար

Սեպտեմբեր 5-էն 17-ը Աւետարանումի Վերատեսչութիւնը Վատիկանի մէջ կազմակերպած է դասընթացներ՝ 80 նորանշանակ եպիսկոպոսներու համար։ Ոււսումնաժողովին կը մասնակցի նաև Արհի. Պօղոս եպս. Հէքիմեան
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Աւետարանումի Վերատեսչութիւնը Վատիկանի մէջ դասընթացներ կազմակերպած է՝ Ափրիկէի, Ասիայի, Ամերիկայի և Ովկիանիայի մէջ միսիոներական այդ Վերատեսչութեան Առաջին բաժնի կողմէ  վերջերս նշանակուած 80 նոր եպիսկոպոսներուն համար։  

Վերապատրաստումի դասընթացները սկիզբ առին երկուշաբթի՝ Սեպտեմբերի 5-ին, Սուրբ Պօղոս Առաքեալի Քահանայապետական ​​Վարժարանի մէջ տեղի ունեցած Համապատարագով, որուն  նախագահեց կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէ։ Անոնք պիտի աւարտին շաբաթ օրը՝ Սեպտեմբեր 17-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կողմէ մատուցուելիք պատարագով Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ։

Դասընթացներուն կը մասնակցի նաև Հարաւային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ թեմի Առաջնորդ Արհի. Պօղոս եպս. Հէքիմեան։

Նոր նշանակուած եպիսկոպոսներուն համար ուսումնական դասընթացներու սովորոյթը, սկիզբ առած  է 1994-ին, նպատակ ունենալով անոնց հնրաւորութիւն ընծայել` խորացնելու իրենց եպիսկոպոսական կեանքը և ծառայութիւնը, միասին երկխօսելու և աղօթելու։

Դասախօսները եկեղեցական աշխարհի հեղինակաւոր անձնաւորութիւններ են։ Դասընթացներու ծրագիրը բաժնուած է 8 հիմնարար թեմաներու, որոնց շարքին են․ «Թեմական եպիսկոպոսի փոխյարաբերութիւնները Աւետարանումի Վերատեսչութեան  հետ» և «Հռոմէական Քուրիա» թեմաները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/09/2022, 11:36