Որոնել

AVSI հիւանդանոց AVSI հիւանդանոց 

«Սուրիոյ մէջ բաց հիւանդանոցներ», ծրագիրին մասին համագումար։

Սուրիոյ մէջ բաց հիւանդանոցներ. Հիւանդները բուժելու եւ հասարակութիւն մը վերականգնելու համար» ֆրանչիսկոս Պապին աջակցութեամբ ծրագիր մըն է։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրիոյ եւ Սուրիացիները չմոռնալու համար, կազմակերպութեամբ «Avsi» շահոյթ չհետապնդող հաստատութեան, Արեւելեան եկեղեցիներու վերատեսչութեան եւ մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան գերատեսչութեան, Ուրբաթ, 2 սեպտեմբերին, Հռոմի «Դիւանատան» պալատէն ներս տեղի կ՝ունենայ «Սուրիոյ մէջ բաց հիւանդանոցներ. Հիւանդները բուժելու համար եւ հասարակութիւն մը վերականգնելու համար» ծրագիրին մասին համագումար մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ի մէջ այլոց Դամասկոսի մէջ Պապական նուիրակ կարդինալ Մարիօ Զէնարի, Արեւելեան եկեղեցիներու վերատեսչութեան վերատեսուչ, Կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրի, ինչպէս նաեւ Դամասկոսէն եւ Հալէպէն ժամանած վկաներ։

Յայտնենք, թէ «Սուրիոյ մէջ բաց հիւանդանոցներ» միջոցառումը ֆրանչիսկոս Պապին աջակցութեամբ ծրագիր մըն է, որ 2017 թուականէն ի վեր, աւելի քան 80,000 անվճար բուժումներ ապահովուած է խոցելի Սուրիացիներուն։

Յիշեալ Համագումարին նպատակն է վերապրիլ ծրագիրին պատմութիւնը, գնահատելով անոր ազդեցութիւնը անմիջական վկաներու հետ ու ներկայացնելով անոր յաջորդ զարգացումները։

Նախատեսուած է, որ Համագումարի բացման խօսքը կատարէ Արեւելեան եկեղեցիներուն վերատսեչութեան վերատեսուչ ,կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրի, ապա ելոյթ ունենան Մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան վերատեսչութեան քարտուղար, քոյր Ալէսանտրա Սմերիլլի եւ Avsi հաստատութեան քարտուղար, Տիար Ճամբաուլօ Սիլվեսթրի։

Ապա Հալէպէն եւ Դամասկոսէն ժամանած անձերու տուած վկայութիւններով համագումարը վերջ կը գտնէ Դամասկոսի մէջ Պապական նուիրակ, կարդինալ Մարիօ Զէնարիի ելոյթով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/09/2022, 11:58