Որոնել

Sequenza.00_01_06_23.Immagine006.jpg

Փարոլին. Պատերազմը երբեք անխուսափելի իրադարձութիւն մը չէ

«Պատերազմէն կարելի է խուսափիլ ետքայլ մը կատարելով, մէկդի դնելով մեղադրանքները, սպառնալիքները, փոխադարձ անվստահութեան պատճառները», ըսաւ Կարդինալ Փարոլինը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապին Ղազախստան կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին, որ կը հանդիսանայ Նորին Սրբութեան միջազգային 38րդ ճամբորդութիւնը, Վատիկանի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, Վատիկան Նիուզի տարբեր լեզուներու խմբագրութիւնները համակարգող` Տիար Մասսմիլիանօ Մենիքեթթիին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, անդրադարձաւ ճամբորդութեան եւ Ֆրանչիսկոս Պապին «Աւանդական եւ Համաշխարհային կրօններու Ղեկավարներու 7րդ Համագումարի» մասնակցութեան, դիտել տալով, որ վերոնշեալ համագումարը ներշնչում քաղած է 24 Յունուար 2002-ին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի կողմէ Ասսիզիի մէջ գումարուած աշխարհի խաղաղութեան համար աղօթքի Օրէն։

«Խաղաղութեան եւ միութեան պատգամաւորներ»

Ծիրանաւորը ակնարկեց ապա ճամբորդութեան կարգախօսին «Խաղաղութեան եւ միութեան պատգամաւորներ», հաստատելով, որ այս է Քահանայապետին ճամբորդութեան ուղեցոյցը։ Կարդինալ Փարոլինը նշեց նաեւ, թէ Համագումարի եզրափակիչ հռչակագիրի նախագիծին մէջ, յղում կը կատարուի Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Ալ Ազհարի աւագ Իմամ Ահմատ Ալ Թայըպին միջեւ Ապու Տապիի մէջ 2019-ի փետրուարին ստորագրուած փաստաթուղթին, հայող «Մարդկային եղբայրութեան ի նպաստ խաղաղութեան ու խաղաղ համակեցութեան»։

Պատերազմը երբեք անխուսափելի իրադարձութիւն չէ

Ան ապա խօսեցաւ պատերազմի մասին- հաստատելով` որ «Պատերազմը երբեք անխուսափելի իրադարձութիւն չէ։ Ան իր արմատները կը գտնէ մարդու սրտին մէջ, որ թոյլ կու տայ առաջնորդուիլ սնափառութեամբ, հպարտութեամբ, ամբարտաւանութեամբ և ագահութեամբ։ Սիրտ մը` որ կարծրացած է եւ անկարող է ուրիշներուն բացուելու»։

«Պատերազմէն կարելի է խուսափիլ ետքայլ մը կատարելով, մէկդի դնելով մեղադրանքները, սպառնալիքները, փոխադարձ անվստահութեան պատճառները», ըսաւ Կարդինալ Փարոլինը, նկատել տալով, որ «ներկայ ժամանակներուն նուազած են բոլոր կարողութիւնները` ունկնդրութեան մէջ դնելու մենք զմեզ ու հասկնալու մեզմէ տարբեր մտածող անձերուն պատճառները», եւ ասկէ մեկնակով յոյս յայտնեց, որ «Ղազախստանի մէջ գումարուած Համագումարը ըլլայ առիթ` հանդիպումի եւ երկխօսութեան»։

Երեսուն տարուայ դիւանագիտական յարաբերութիւններ

Կարդինալ Փարոլին խօսեցաւ նաեւ Ղազախստանի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ երեսուն ամեայ դիւանագիտական յարաբերութիւններու մասին, զանոնք նկատելով «յաճախական եւ պտղաբեր»։

«Ղազախստանը կեդրոնական Ասիայի առաջին երկիրն է, որ 1998 ին Սուրբ Աթոռին հետ ստորագրեց երկկողմանի պայմանագիր մը եւ Կեդրոնական Ասիայի առաջին երկիրն է, որ ընկալեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի այցելութիւնը 2001 թուականին։ Սուրբ Աթոռը ապա գործնական մասնակցութիւն բերած է Ղազախստանի կողմէ կազմակերպուած կրօններու Համագումարներուն ու երկու Պետութիւնները կը շարունակեն իրենց համագործակցութիւնը» յարեց ի միջի այլոց Պետական Քարտուղարը ակնարկելով միասնական աշխատանքի մի քանի ձեռնակներուն։

Ղազախստանի փոքր հասարակութիւնը

Ի վերջոյ Վատիկանի թիւ մէկ դիւանագէտը խօսեցաւ տեղական Կաթողիկէ փոքր հասարակութեան մասին, որ առիթը պիտի ունենայ հանդիպելու Ֆրանչիսկոս Պապին հետ, «Էքսփոյ»ի հրապարակին վրայ Անոր մատուցած սուրբ պատարագին առիթով։

«Կաթողիկէ եկեղեցին մեծապէս գնահատուած է եւ Երկրի կրօնամշակութային իրականութեան ներքոյ ունի նշանակալից ներկայութիւն» ըսաւ Կարդինալ Փարոլինը աւելցնելով, որ «Ան անշուշտ քաջալերուած պիտի զգայ ինքզինք Քահանայապետի ներկայութեամբ, նորոգուելով հաւատքին, յոյսին ու սիրոյն մէջ ու շարունակելու իր վկայութեան առաքելութիւնը` օրինակ առնելով անցեալի բազմաթիւ վկաներէն նման` Երանելի հայր Władysław Bukowiński, երանելի հայր Alessio Zaryckyj եւ Երանելի եպիսկոպոս Mykyta Budkaին։ Վատիկանի Պետքարտուղարը հուսկ հաստատեց թէ Քահանայապետի այցելութեան քաջալերանքով Կաթողիկէ Եկեղեցին ու հաւատացեալները պիտի շարունակեն, «միւս բոլոր կրօնական խումբերուն հետ միասին, օժանդակելու միացած, ներդաշնակ ու խաղաղ ընկերութիւն մը կերտումին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/09/2022, 13:00