Որոնել

1668677682544.JPG

2022 Սուրբ Ծննդեան տօնածառը հասաւ Սուրբ Պետրոս հրապարակ

26 մեթր բարձրութեամբ եղևնին նուէրն է Ռոզելլօ գիւղին։ Զարդարանքները նոյնպէս նուիրուած են Ապրուցցօ նահանգի կողմէ։ Ծառին մօտ զետեղուելիք մսուրը այս տարի իտալիոյ Ֆրիուլի քաղաքէն կու գայ, իսկ Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ զետեղուելիք Սուրբ Ծննդեան մսուրը նուէրն է Կուաթեմալային։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

Մէկ ու կէս ամիսէն համայն աշխարհին մէջ պիտի տօնուի Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնը եւ աւանդութեան համաձայն Վատիկանը եւս կը պատրաստուի այդ տօնին ըլլայ հոգեւոր պատրաստութեամբ, ըլլայ տեսանելի եւ խորհրդանշական գետնի վրայ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ զետեղելով Սուրբ Մսուրը եւ ծննդեան տօնածառը։

Այս տարուայ տօնածառը, որ նուէրն է Ապրուցցօ Նահանգի Ռոզելլօ գիւղին, Վատիկան ժամանեց հինգշաբթի 17 նոյեմբերին եւ զբօսաշրջիկներու հետաքրքրիր հայեացքին տակ բարձրացաւ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ։

26 մեթր բարձրութեամբ տօնածառի զարդարանքները պատրաստուած են Ապրուցցօ շրջանի մի քանի դպրոցներու աշակերտներու կողմէ, Sant' Antonio di Borrello ծերանոցի տարեցներէն եւ Quadrifoglio հոգեբուժական վերականգնողական հաստատութեան հիւրերու կողմէ։

Տօնածառին մօտ պիտի կառուցուի մսուրը, որ այս տարի իտալիոյ Ֆրիուլի շրջանի, Ուտինէ մարզի Սութրիօ քաղաքէն կու գայ, մինչ Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ զետեղուելիք մսուրը այս տարի պիտի ժամանէ Կուաթեմալայէն։

Սուրբ մսուրին բացման եւ տօնածառի լուսաւորութեան արարողութիւնը նախատեսուած են յառաջիկայ 3 դեկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 5,30ին, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, նախագահութեամբ Վատիկանի Պետութեան Կառավարութեան նախագահ Կարդինալ Ֆերնանտօ Վերկէս Ալծակայի։ Նոյն օրը առաւօտեան Սութրիօ եւ Ռոզելլօ քաղաքներու, ինչպէս նաեւ Կուաթեմալայէն ժամանած պատուիրակութիւնները առիթը պիտի ունենան հանդիպելու Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/11/2022, 15:00