Որոնել

Էլ Սալվատորի մէջ Յիսուսեան միաբանութեան սպաննուած վեց քահանաներուն պատկերը Էլ Սալվատորի մէջ Յիսուսեան միաբանութեան սպաննուած վեց քահանաներուն պատկերը 

Կարդինալ Չերնի յիշեց Էլ Սալվատորի մէջ սպաննուած Յիսուսեան միաբանութեան վեց քահանաները։

«հակառակ աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ բռնութեան նշաններուն, եւ խաղաղութեան դիւրաբեկութեան, Տէրը մեզ կը հրաւիրէ վերանորոգուելու սինոդական ուղեւորութեան միջոցաւ»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

1989 թուականին, 16 նոյեմբերին, Սան Սալվատորի մէջ Յիսուսեան միաբանութեան պատկան համալսարանէն ներս, իրենց անկողինին մէջ քունի ժամանակ զէնքի հարուածով սպաննուեցան վեց քահանաներ, զինեալ ուժերու հրամանատարի ձեռքով

Սոյն բռնական արարքը տեղի ունեցաւ 1979-1992 երկարող տարիներուն, երկրի կառավարութեան եւ յեղափոխական խումբի մը միջեւ քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ։

Արդարեւ, չորեքշաբթի, 16 նոյեմբերին, նշուեցաւ սպաննուած Յիսուեան միաբանութեան վեց քահանաներու յիշատակի օրը։

Մարդկային համապարփակ ծառայութեան համար վերատեսչութեան վերատեսուչ, կարդինալ Միքայէլ Չերնի, այս առթիւ հրապարակած նամակի մէջ յիշած է վեց քահանաներու սպանութիւնը, կապելով զայն արեան երկար հետքին հետ, որ այսօր իր գագաթնակէտին կը հասնի, այնպէս ինչպէս Ֆրանչիսկոս Պապ կոչած է Համաշխարհային երրորդ պատերազմ։։

Վերանորոգուելու հրաւէր։

Կարդինալ Չեռրին անդրադառնալով ապա ներկայ ժամանակուան միջազգային իրադարձութիւններուն, բնորոշուած պատերազմներով, նամակին մէջ նշած է որ «հակառակ աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ բռնութեան նշաններուն, եւ խաղաղութեան դիւրաբեկութեան, Տէրը մեզ կը հրաւիրէ վերանորոգուելու սինոդական ուղեւորութեան միջոցաւ», ընդգծելով, որ «արթննալը, վերականգնիլը եւ քալելը, եկեղեցւոյ հարազատ կեանքն է, հեզ ուխտագնացութեան մէջ եւ ուրախ ծառայութեան ներքեւ, ոգեւորուած մեր մարտիրոս եղբայրներէն եւ քոյրերէն։»

Մարմնացան Վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովը

Կարդինալ Չերնին նամակին մէջ նշած է, որ Յիսուսեան միաբանութեան սպաննուած վեց քահանաները նահատակներ են, «պտուղը Վատիկանեան Բ ժողովին» մէջբերելով 1995 թուականին, Յիսուսեան միաբանութեան 34-րդ համագումարէն բխած փաստաթուղթէն հատուած մը, սպաննուած վեց քահանաներու վերաբերեալ,

«Մարդիկ, որ ապրեցան լուռ եւ անյայտ, յայտնի գիտնականներ, քարոզիչներ, ուսուցիչներ, անձեր, որ իրենց կեանքը տուին Աւետարանին, եկեղեցւոյ եւ աղքատներուն, անձեր, որոնք ապրեցան պարզութեամբ եւ համեստութեամբ աշխարհի մը մէջ որ երբեք չճանչցաւ անոնց աղքատութիւնը, ողջախոհութիւնը, եւ հնազանդութիւնը, անձերը որ ընկերութիւնը հասցուցին այն պատմական պահուն։»
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/11/2022, 09:42